Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբեր 2014-ին, Ժտէյտէյի ԼՕԽի «Անի» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկն էր, առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Անի» ակումբին դիմացի հանրապարտէզին մէջ։ Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը, յանձնախումբերէ եւ ԼՕԽ-ի տարբեր մասնաճիւղերէ ընկերուհիներ եւ հիւրեր։
Մեղմ կլիման ու հայկական երգերու մթնոլորտը պարտէզին մէջ հաճելի էր։ Վարչութեան ատենապետուհին բացման խօսքով նշեց, թէ «Եղեռնի 100 ամեակի նախօրեակին ենք, հայուն ձեռներէցութիւնն ու կարիքաւորին ձեռք երկարելու բնական մղումը իրեն արտօնած է ազգովին գոյատեւելու եւ յառաջդիմելու»:
Ապա դասախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ Հուրի Փափազեան Էմմիյեան, նիւթ ունենալով «կենցաղավարութիւնը»: Ան շեշտեց, թէ պարզ բայց քաղաքավարական բառերը՝ «հաճիս, շնորհակալութիւն, կը ներէք եւայլն, կը մոռցուին, բարեւ տալը, ոտքի ելլելը, ժամադրութիւն յարգելը կարեւոր են, անձը չեն նուաստացներ, ընդհակառակը»: Տիկին Հուրի նաեւ շարքով թուեց սեղանի շուրջ եւ հանդիսութեանց ժամանակ կիրարկուելիք կենցաղավարական կանոնները։
Ալիս Իփրաճեան հայկական սիրուած 3 երգերով հոգեպարար մթնոլորտ ստեղծեց։
Աւարտին, վիճակահանութեամբ շատեր նուէրներ ստացան։
Գոհունակ դէմքով, ներկաներէն՝ մեկնելու ժամանակ ըսին թէ «Անի» մասնաճիւղը մեզի միշտ կ՛ուրախացնէ հաճելի մթնոլորտ ստեղծելով։ Յաջորդը կը սպասենք:










