«Խորովածի Երեկոյ» 2016

This page is not yet available in this language.

Շաբաթ, 21 Մայիս 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի (Ժտէյտէ) վարչութեան կազմակերպած «Խորովածի Երեկոն» տեղի ունեցաւ, «Անի» ակումբի դիմացը գտնուող հանրային պարտէզի ծաղկաստանին մէջ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման Խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Հուրի Պաճիքեանը: Ան յիշեց վարդերու ամիս՝ Մայիս ամսուան կարեւոր տօները, ինչպէս մայրերու նուիրուած օր, Համբարձման տօն, Հայաստանի անկախութիւն եւայլն...

Ապա հրաւիրեց արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ քհն. Քէրքէզեանը, իր խօսքը փոխանցելու եւ սեղանները օրհնելու: Ան անդրադարձաւ ըսելով.-«2016 տարին Արամ Ա. վեհափառը հռչակեց «Ծառայութեան տարի»: Ծառայութիւն Աստուծոյ, ազգին ու հայրենիքին, բայց առանց ցուցամոլութեան, ինչպէս որ կը պատգամէ Ս. գիրքը»: Ան աւելցուց ըսելով.-«ծառայութեան փայլուն օրինակը օգնութեան խաչն է, իր ճիւղաւորումներով, համայն աշխարհի տարածքին»: Ապա քահանայ հայրը օրհնեց սեղանները:

Հրաւիրուած էր  երգիչ՝ Րաֆֆի Կէվօղլանեանը, որ երգերու այլազանութեամբ, բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ, նոյնիսկ զանոնք պարի մղելով...

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ: