Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, Շաբաթ, 20 Դեկտեմբեր 2014-ին , կ. առաջ ժամը 10։00-ին, Արագածի ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկներու կաղանդի ձեռնարկ մը:
Գրադարանի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլօ Զոպույեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց «Ժպիտ» յանձնախումբին , որ աշակերտներուն տրամադրած էր Կաղանդի տուրմի ծրարներ, ինչպէս նաեւ Քուէյթահայ խումբ մը ազգայիններու, որոնք նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած էին գրադարանին։
Յայտագիրը պատրաստուած էր յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ, ուր իւրաքանչիւր փոքրիկ մասնակցեցաւ խաղի մը ….. անոնք երգեցին, պարեցին մինչեւ Կաղանդ Պապուկին ժամանումը, որմէ ետք բոլորը ստացան իրենց տարիքին համապատասխան նուէրներ։










