Սուրբ Զատկուան Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբը, Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2017-ին, Սուրբ Զատկուան տօնին առիթով կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, ներկայութեամբ գրադարանի ուսուցչուհիներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն:

Ձեռնարկի ընթացքին ընկհ. Մարիա Ինճէեան պատկերազարդ Ս. Գրային գիրքով մը ներկայացուց Աւագ շաբթուան, Ծաղկազարդի եւ Սուրբ Յարութեան տօներու խորհուրդները, ուր աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան, հարցումներ ուղղեցին եւ զրուցելով լաւապէս ճանչցան շաբթուան խորհուրդը, որմէ ետք անոնք ներկայացուցին նոյն առիթով պատրաստուած արտասանութիւններ եւ գունաւորեցին խորհուրդը ներկայացնող պատկեր մը:

Ձեռնարկի աւարտին, տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ եւ հիւրասիրութիւն: Յաղթող աշակերտը ստացաւ յիշատակի նուէր մը:

Աշակերտները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան, իրենց հետ տանելով Սուրբ Զատկուան առիթով պատրաստուած յուշանուէրներ: