Գրադարանի  փոքրիկները դիտեցին  «Kung Fu Panda» ժապաւէնը

This page is not yet available in this language.

Հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ «Ժպիտ» խմբակին, Շաբաթ, 19 Մարտ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբի ընկերուհիները, պատասխանատուն եւ 40 աշակերտներ մեկնեցան դէպի «Le Mall», դիտելու փոքրիկներու յատուկ «Kung Fu Panda» ժապաւէնը,  համալիրի շաժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան եւ «Ժպիտ» խմբակի ներկայացուցիչ՝ Տիկին Հուրի Գարաճըրճեան:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան ընթացքին, փոքրիկները հիւրասիրուեցան կորեկով եւ զովացուցիչով: Աւարտին, անոնք յիշատակի նկարներ առնելէն ետք, ուրախ, զուարթ եւ գոհունակ վերադարձան գրադարան:

Վարձքը կատար «Ժպիտ» խմբակի տիկիններուն: