ԼՕԽ-ի մանկապատանեկան գրադարանը ծնունդ առաւ Պուրճ Համուտի մէջ, 27 փետրուար 1993-ին, լոնտոնաբնակ լիբանանցիներու «Give a child a toy» ծրագրին շնորհիւ, ապա Րաֆֆի Արտալճեան ամոլին ազնիւ նուիրատուութեամբ բարեզարդուեցաւ եւ իրենց վաղամեռիկ դստեր անունով կոչուեցաւ` «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան: Ահա՛ այս գրադարանին մէջ է, որ մեր փոքրիկները կը համախմբուին կարդալու, սորվելու կամ սերտողութիւն կատարելու: Այլազան ձեռնարկներու…
Read more20-ամեակի հանդէս ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան Գրադարանի:
Read moreԼ.Օ.Խ.-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարան (Power Point). Download Power Point file
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի յանձնախումբին, ուրբաթ, 19 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 8:30-1:00 գրադարանի 45 աշակերտները ուղղուեցան դէպի «Փլանեթ տիսքաւըրի» մանուկներու յատուկ գիտական թանգարանը: Փոքրիկները տարիքային խումբերու բաժնուած` շուրջ երեք ժամ մօտէն ծանօթացան նկարներով, արձանիկներով եւ մանրամասն բացատրութիւններով մարդկային մարմնին մասին եւ…
Read moreԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն սկսած է իր ամառնային շրջանին, որ պիտի երկարի մինչեւ սեպտեմբեր 13: Երկուշաբթի, 1 յուլիս 2013-ին, վերանորոգուած գրադարանը, գոյնզգոյն սենեակներով, ներդաշնակ աթոռ-սեղաններով, նոր խաղալիքներով եւ համակարգիչներով, իր դռները բացաւ 45-50 փոքրիկներու` 4-13 տարեկան: Գրադարանին նպատակն է փրկել հայ մանուկները փողոցի…
Read moreԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը երկուշաբթի, 27 մայիս 2013-ին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին հիւրընկալեց մանկական գիրքերու հեղինակ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը` ընկերակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրադարանի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի եւ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ յանձնախումբի ընկերուհիներուն: Յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան բարի գալուստ մաղթելով` փոքրիկներուն ներկայացուց օրուան հիւրը…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբին,փոքրիկները տօնեցին Ս. ԶատիկըՈւրբաթ 22 Մարտ կ.ե. ժամը 4:00-ին Արագածի Ժողովրդային տան մէջ ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներու, հիւրերու, ծնողներու եւ շուրջ 75 փոքրիկներու: Յայտագիրը ընդգրկեց 3 բաժին զոր վարեցին յանձնախումբի ընկերուհիները:Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց գրադարանի…
Read moreՄեր Խօսքը 1993-2013 Այսօր «Նարօտ Արտալճեան» մանկական գրադարանը 20 տարեկան է: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկական գրադարանը արդէն իսկ բոլորած է իր 20 տարին: Քսան տարիներ եւ արդէն իսկ ան կը գործէ մեծ կազմով` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը, յանձնախումբ եւ պատասխանատու: Այս սիրելի օճախին առաքելութիւնը, պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը շատ մեծ է. տարիներէ ի վեր առած է…
Read moreՀինգշաբթի 7 Մարտ 2013ին ԼՕԽ-ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» Մանկապատանեկան Գրադարանը նշեց Ուսուցչաց Տօնը Գրադարանէն ներս,ներկայութեամբ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեանի, պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Ընկհ.Արփի Շարլաքեանի եւ այդ օրուայ ներկայ աշակերտներուն: Ուրախ մթնոլորտի մէջ, աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին նուիրեցին փունջ մը ծաղիկ. ապա խօսք առաւ Ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեան բացատրելով աշակերտներուն Հայ ուսուցիչին ծառայութեան…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2012-ին, «Արագած» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Կաղանդ»-ի յատուկ ձեռնարկ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեան, յանձնախումբի ընկերուհիներ, հիւրեր, ծնողներ եւ շուրջ 100 մանուկներ: Յայտագրին սկիզբը բարի գալուստի խօսք արտասանեց գրադարանի պատասխանատուն եւ շնորհաւորեց ներկաները` մաղթելով, որ…
Read moreԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող Նարօտ Արտալճեան մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագիրով ամառ մը: Երեք ամիս տեւողութեամբ, օրական դրութեամբ, անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը յանձնախումբի անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նազելի Աւագեանի եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով: Առաջին հերթին հայ գիրքը…
Read moreԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող «Ն. Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագրով ամառնային շրջան մը: Յանձնախումբի ատենապետին եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով, ամէնօրեայ դրութեամբ: Եռամսեայ այդ յայտագիրը կ՛ընդգրկէր արժեւորել հայ գիրքը, սիրցնել ընթերցանութիւնը, ամառնային դասեր, ընդհանուր…
Read moreԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները այս ամառ ունեցան ճոխ յայտագրով օժտուած հարուստ գործունէութիւն: Արդարեւ, յատուկ մանուկներու համար ծրագրուած ու պատրաստուած ամառնային երկամսեայ յայտագիրը յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ: Ամառնային այդ յայտագիրը նախ եւ առաջ կ՛ընդգրկէր հայ գիրքի արժեւորումը` անոնց սիրցնելով ընթերցանութիւնը…
Read moreԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող Նարօտ Արտալճեան մանկապատանեկան գրադարանը երկուշաբթի, 4 յուլիսին արդէն իսկ սկսաւ իր ամառնային շրջանը, որ պիտի երկարի մինչեւ 23 սեպտեմբեր: Հոն կ՛ընդունի 5-12 տարեկան փոքրիկներ: Ինչպէս ամէն տարի այս ամառ եւս փոքրիկներուն կը սպասէ ճոխ յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէ` գիրքի ընթերցանութիւն, դասի սերտողութեան ժամ, դաստիարակչական խաղեր, գծագրութիւն, ձեռային աշխատանք…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ գրադարանի յանձնախումբին, ԼՕԽ-ի Նարօտ Արտալճեան մանկապատանեկան գրադարանը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ իւրաքանչիւր ամսուան վերջին ուրբաթը գրադարանին մէջ պիտի հիւրընկալէ մանկական գիրքերու հեղինակ մը, որպէսզի աշակերտներուն հետ ընթերցանութիւն կատարուի եւ զրոյց տեղի ունենայ գիրքին մասին: Գրադարանը արդէն իսկ քանի մը հիւր հեղինակներ ունեցած է: Արդարեւ, 26 նոյեմբեր…
Read more











