ԼՕԽ-ի ''Նարօտ Արտալճեան''գրադարանի Զատկուայ ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» Մանկապատանեկան Գրադարանի յանձնախումբին,փոքրիկները  տօնեցին Ս. ԶատիկըՈւրբաթ 22 Մարտ կ.ե. ժամը 4:00-ին Արագածի Ժողովրդային տան մէջ ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներու, հիւրերու, ծնողներու եւ շուրջ 75 փոքրիկներու:

Յայտագիրը ընդգրկեց 3 բաժին զոր վարեցին յանձնախումբի ընկերուհիները:Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց գրադարանի պատասխանատու` ընկհ. Արփի Շարլաքեան որ  յատուկ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  ապա յանձնախումբի ընկերուհիներուն անոնց ժրաջան աշխատանքին եւ յատկապէս սոյն ձեռնարկին պատրաստութիւններուն եւ իրագործման. եւ վերջապէս յատուկ շնորհակալութիւն ծնողներուն որ իրենց զաւակները կը վստահին ԼՕԽ-ի գրադարանի յանձնախումբին:Յայտագիրը սկսաւ գրադարանի լաւագոյն նիշեր բերող եւ պարտաճանաչ աշակերտներուն նուէրներու տուուչութեամբ, երեք աշակերտներ ստացան նուէրներ, եւ մեծ գնահատանքի արժանացան ծափահարութիւններով :Երկրորդ բաժինը լեցուն էր խաղերով ուր իւրաքանչիւր  փոքրիկ մասնակցեցաւ անխտիր իր տարիքին  համապատասխան խաղին եւ ստացաւ նուէր մը:

Յայտագրին վերջին բաժինն էր հաւկթախաղը ուր փոքրիկները բաժնուեցան երկու մեծ խումբերու ըստ տարիքի դրութեամբ,  յաղթողը ստացաւ դարձեալ իր նուէրը:

Յայտագրի աւարտին իւրաքանչիւր փոքրիկ ստացաւ յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած յատուկ Զատկուայ նուէրը:Բոլոր ներկաները բարձր տրամադրութեամբ դուրս եկան սրահէն զիրար մաղթելով Բարի Ծաղկազարդ եւ Ս. Զատիկ: