ԼՕԽ-ի վերանորոգուած «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը արդէն սկսած է իր ամառնային շրջանին, որ պիտի երկարի մինչեւ սեպտեմբեր 13: Երկուշաբթի, 1 յուլիս 2013-ին, վերանորոգուած գրադարանը, գոյնզգոյն սենեակներով, ներդաշնակ աթոռ-սեղաններով, նոր խաղալիքներով եւ համակարգիչներով, իր դռները բացաւ 45-50 փոքրիկներու` 4-13 տարեկան:
Գրադարանին նպատակն է փրկել հայ մանուկները փողոցի մթնոլորտէն, տալ անոնց ընթերցանութեան սէր, գիրքերու հետ մտերմութիւն, ընդհանուր զարգացում եւ օգտաշատ գիտելիքներ:

Առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00 հոն կը կատարուին ամառնային աշխատանք, դասեր, ընթերցանութիւն, գծագրութիւն, ձեռային աշխատանք, երգ, պար, թատրոն, դաստիարակչական եւ զանազան տեսակի խաղեր, մաքրութեան, կենցաղավարութեան, «մաքուր հայերէն խօսինք»-ի պահեր, զարգացման մրցումներ եւ զանազան տեսակի խաղեր: Այս բոլորը կը կատարուին առողջ եւ մաքուր միջավայրի մէջ` տալով հայ մանուկին ներաշխարհին խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն:

Այս գործունէութիւնները կը կատարուին ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան, Գրադարանի յանձնախումբի անդամներուն եւ պատասխանատուին գործակցութեամբ:

Յարատեւ վերելք, բոլորին վարձքը կատար: