Հինգշաբթի 7 Մարտ 2013ին
ԼՕԽ-ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» Մանկապատանեկան Գրադարանը նշեց Ուսուցչաց Տօնը Գրադարանէն ներս,ներկայութեամբ յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեանի, պատասխանատու ուսուցչուհի՝ Ընկհ.Արփի Շարլաքեանի եւ այդ օրուայ ներկայ աշակերտներուն: Ուրախ մթնոլորտի մէջ, աշակերտները իրենց ուսուցչուհիին նուիրեցին փունջ մը ծաղիկ. ապա խօսք առաւ Ընկհ. Մանուշակ Գիզիրեան բացատրելով աշակերտներուն Հայ ուսուցիչին ծառայութեան եւ նուիրումին մասին. Հայ ուսուցիչին դերը Հայ մանուկին կեանքին մէջ, ըսելով թէ` “Հայ ուսուցիչը կը լուսաւորէ մեր
վաղուան օրը, ան մեր առաջնորդն է, անփոխարինելի է ինչպէս ծնողքը, աշակերտին զարգացումին ու յաջողութեան բանալին , կը դաստիարակէ սերունդներ……
Յարգենք մեր ուսուցիչը յարգանքի խօսքով մը, փունջ մը ծաղիկով ……"

