Շրջապտոյտ Դէպի Լիբանանի Հարաւային Շրջան

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնիէ) վարչութիւնը կազմակերպած էր շրջապտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Շրջապտոյտը ընթացք առաւ  դէպի Սայտա, ուր «Ալ Քնաան» Ճաշարանին մէջ ներկաները կատարեցին իրենց նախաճաշը, շարունակելով իրենց ճամբան այցելեցին «Տէյր Մխալլէս» եւ Մաղտուշէի «Սէյիտէթ Ալ Մանթարա» սրբավայրերը, ապա ուղղուեցան դէպի Մլիթայի թանգարանը, ուր թանգարանի պատմականը ներկայացնող տեսերիզ մը դիտիլէ ետք, շրջեցան թանգարանին զանազան բաժինները:

Շրջապտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ Հասպայայի «Պհսասա» ճաշարանը, ուր անակնկալներով լեցուն եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները ուրախ ժամանակ  անցուցին, ապա սրտի անհուն գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: