Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի առիթով Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Սեւան» մասնաճիւղի (Ժիւնի) վարչութիւնը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի ժպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարանը եւ այլ սրբավայրեր:
Ուխտագնացութեան մասնակցեցան 25 ընկերուհիներ, որոնք թանգարան այցելելէ ետք, ուղղուեցան Պաթրունի «Մար Իսթֆէն» եկեղեցին, ապա՝ Գաֆթուն շրջանի մէջ գտնուող հրաշալի եւ 900 տարուան «Մար Սարգիս» եկեղեցին: Շարունակելով, այցելեցին « Ս. Գէորգ» եկեղեցին, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակը նշեցին Տէրունական աղօթքով:
Ուխտաւորները, Ռաշին շրջանի գետեզերքը գտնուող ճաշարանին մէջ ճաշելէ եւ «Միզիարա»ի հինաւուրց եկեղեցին այցելելէ ետք, սրտի անհուն գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:







