ԼՕԽ-ի «Սեւան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 75 Ամեակ

This page is not yet available in this language.

Լ.Օ.Խ.-ի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ժիւնիի «Ժ. Ապաճեան» սրահին մէջ, նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75 ամեակը, նախագահութեամբ Հասթաճեան քոյրերուն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան եւ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ եւ ձեռնարկը խանդավառեց երգիչ՝ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սեդա Սաաթճեան, կատարեց բացման խօսքը, ապա Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան ըսաւ.-«Բնական է, որ «Սեւան մասնաճիւղը անցնող 75 տարիներուն հանդիպեցաւ զանազան դժուարութիւններու, բայց շնորհիւ իր մեղուաջան գործունէութեան եւ աննկուն կամքին պայքարեցաւ,  դիմագրաւեց եւ տոկաց»: Ան, Շրջանային Վարչութեան անունով, բարձրօրէն գնահատեց մասնաճիւղի 75 ամեայ գործունէութիւնը եւ շնորհաւորեց մասնաճիւղի իւրաքանչիւր անդամուհին:

Վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց ձեռնարկի նախագահ՝ ընկհ. Թէրէզ Հասթաճեանը եւ մասնաճիւղի տարիներու ատենապետուհիներ՝ Ժորժէթ Խաչերեանը, Սեդա Ճուպանեանն ու Սեդա Սաաթճեանը: Ապա Շրջանային Վարչութեան անդամուհիներուն հետ միասնաբար հատեցին 75 ամեակի կարկանդակը:

Ներկաները սրտի անհուն գոհունակութեամբ մեկնեցան: