ԼՕԽ-ի Պէյրութ-ի “Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր տարեկան աւանդական տօնավաճառը կազմակերպեց 27 դեկտեմբեր 2014-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ, Զոքաք Պլաթ: Տօնավաճառը ուշագրաւ էր իր հայկական համադամ ճաշատեսակներով եւ անուշեղէններով, որոնք կարելի եղած էր պատրաստել ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ ընկերուհիներու ջանքերով: Այս առթիւ վարչութիւնը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ` «վարձքդ կատար» ըսելով բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս օժանդակեցին սոյն տօնավաճառի իրագործման:



