Աւանդական Տօնավաճառ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած  տարեկան աւանդական տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 30 Դեկտեմբեր 2017-ին, Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» կեդրոնին մէջ, Զոքաք Պլաթ:

Տօնավաճառին վաճառուեցան  հայկական համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, որոնք  պատրաստուած էին ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող բարերարներու եւ ընկերուհիներու ջանքերով:

Այս առիթով վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ′ բարոյապէս օժանդակեցին սոյն տօնավաճառի յաջողութեան: