Մայրերու Օր

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի (Անթիլիաս) կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 2 Մայիս 2017-ին, Via Venue ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեան, «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ, քոյր մասնաճիւղերու նեկայացուցիչներ եւ հիւրեր:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգերու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան, բարի գալուստի խօսքը սկսաւՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հօր խօսքով, որ կ'ըսէր.-«Եթէ ընտանիքը նիւթապէս սնուցանողը հայրն է, ապա ընտանիքը բարոյական, հոգեւոր ու հայկական արժէքներով սնուցանողը՝ մայրն է»: Ան շարունակեց խօսքը ըսելով, թէ Մայիս ամիսը ոչ միայն մայրերու նուիրուած ամիս է, այլ յաղթանակներու՝ Սարդարապատի հերոսամարտ, Շուշիի ազատագրութիւն, Հայաստանի անկախութիւն...: Հայ մօր հիմնական եւ սրբազան պարտականութիւնն է հայրինիքին, լեզուին եւ մշակոյթին սէրը ցանել զաւկին սրտին մէջ, եւ մէջբերեց Գարեգին Նժդդեհի խօսքը  «Մայրերի ափերի մէջ է ազգերի ճակատագիրը»:

Ապա հանդէս եկաւ տիկին Զեփիւռ Չափարեանը, որ արտասանեց մայրերու նուիրուած երկու բանաստեղծութիւններ, Պ. Սեւակի՝ «Մօր Ձեռքերը» եւ Ա. Իսահակեանի՝ «Մօր սիրտը»:

Ձեռնակին մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան, ժողովրդական եւ ազգային երգերով: Մթնոլորտէն խանդավառուած ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ եւ եղան վիճակաձգութենէն բախտաւորներ, իսկ իւրաքանչիւր «սեղանի» բախտաւորը տիրացաւ գեղանկարչուհի՝ տիկին Ծովիկ Գազազեանի կողմէն նուիրուած գեղանկարչութիւն մը:

Ներկաները հեռացան բարձր տրամադրութեամբ, ջերմագին մաղթանքներ տալով «Նայիրի» մասնաճիւղին: