Մայրերու Օր

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը  տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Մայիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Քահուաթ Ալսըթ» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեանի, տիկին Ալիս Պօղոսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ անդամուհիներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան իր բացման խօսքը սկսաւ Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի խօսքով, որ կ'ըսէր «Մայրութիւնը այնքան նուիրական արժէք մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար, որ «Մայր» բառը դարձաւ բնորոշիչ բառը հայոց ամենէն նուիրական սրբութիւններուն՝ Մայր Եկեղեցի, Մայր Աթոռ, Մայր Տաճառ, Մայր Հայաստան...

Ապա, ան անդրադարձաւ մեր մայր հայրենիքին Ա. հանրապետութեան անկախութեան 100 ամեակին՝ շնորհիւ Արամ Մանուկեաններու, Արամ Մանուկեաններ՝ շնորհիւ հայ մայրերու, այդ իսկ պատճառով հայ ազգը այնքան սրբադասած  եւ գերադասած է մայրը, որ ամբողջ մէկ ամիս  նուիրած է անոր «Մայրերու Օր» տօնելու, Մայիս ամիսը՝ Աստուածամօր ամիսը: Ընկհ. Աննայեան շարունակեց ըսելով, թէ երբ հայ ազգը սփիւռքի մէջ կանգնեցաւ որպէս «Փիւնիկ» թռչունը, մօր շնորհիւ էր, որ հայավայել ընթացքը շարունակեց տէր կանգնելով բարոյական, հոգեւոր եւ ազգային արժէքներու: Ան իր խօսքը փակեց Վիքթոր Հիւկոյի խօսքով, որ կ'ըսէր «Երբ մենք մտաբերենք, թէ մեր մայրերը ի՞նչ ըրած են մեզի համար, կ'ապշինք մեր պարտքին անչափելիութեան դիմաց»:

Ապա բեմ հրաւիրեց  տիկին Սիրվարդ Ֆազլեանը, որ փունջ մը ասմունքով ջերմացուց ձեռնարկը, որմէ ետք մթնոլորտը ճոխացուց սիրուած երգիչ Նժդեհ Պոտրումեանը:

Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: