Լ.Օ.Խ.-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած Պահքի Աւանդական Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 28 Փետրուար 2017-ին, «Աղբալեան» համալիրի «Պապիկեան» սրահին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Թազեան, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, անդամուհիներ եւ բարեկամուհիներ:
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Բարեկենդանի, քառասնօրեայ պահեցողութեան եւ կարգ մը աւանդութիւններու մասին: Խօսքի աւարտին, ան շեշտեց, թէ պահքը մարմինին անօթութիւն չէ, այլ հոգիին՝ յագեցում:
Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, քանոնահար տիկին Սալբի Քէօշկէրեան ներկաներուն հրամցուց փունջ մը հայկական ճոխ երաժշտութիւն, որմէ ետք, տիկին Սիրվարդ Ֆազլեան հարդէս եկաւ ասմունքով, ներկայացնելով Վահան Թէքէեանէն երկու բանաստեղծութիւններ:
Մտերմիկ մթնոլորտին մէջ ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ եւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:








