Պտոյտ Դէպի Պաալպէք Եւ «Սէյիտէթ Պըշուէթ» Սրբավայր

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Անթիլիասի «Նայիրի» մասնաճիւղի նորակազմ վարչութեան, Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի  Պէքաա, ներկայութեամբ           ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բազմաթիւ հիւրերու:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պաալպէք, «հանգստեան» ճաշարանին մէջ կատարեցին իրենց նախաճաշը, ապա շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Պաալպէքի բերդ, «Սէյիտէթ Պըշուէթ» սրբավայր, որմէ ետք ճաշեցին Այնճարի «Արեւ» ճաշարանին մէջ:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սալբի Աննայեան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ քաջալերեցին ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ  յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք մաղթեց   ԼՕԽ-ի բոլոր մասնաճիւղերուն: Ան ցանկաց, որ «Սէյիտէթ Պըշուէթ»-ի մէջ  կատարուած աղօթքներն ու խնդրանքները լսելի դառնան եւ հայ ընտանիքի սիւները, Պաալպէքի դարերէ ի վեր կանգուն մնացած սիւներուն նման, կանգուն մնան:

Ձեռնարկին հայաշունչ եւ ջերմ մթնոլորտէն քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ երեկոյեան ներկաները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Անթիլիաս: