Լ.Օ.Խ.-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան այս տարուան ընկերային Բ. Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրէն ներս, ներկայութեամբ 90 ընկերուհիներու:
Բացման խօսքին մէջ ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Գարայեան, անդրադարձաւ ԼՕԽ-ականներու կամաւոր ծառայութեան, շեշտելով, որ անոնց գործն է որ կը խօսի: Ձեռնարկին գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ դերասան, բեմադրիչ տիկին Յասմիկ Թաշճեան Պէրթիզլեան, որ հայերէն եւ օտար երգերով խանդավառեց ներկաները: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ «պինկօ»: Օրուան համեղ սեղանը պատրաստուած էր վարչական ընկերուհիներուն կողմէ: Ձեռնարկի ընթացքին նաեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:







