Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, «Նայիրի» մասնաճիւղի կազմակերպած ընկերային հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ-ի «Ն. Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներու եւ բարեկամներու: Լիբանանեան, հայկական եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Շաքէ Գարայեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան յայտագրի գլխաւոր կէտերը: «Բռնագրաւուած հայրենիքի պահանջատէր պայքարի քոյրեր եւ մայրեր զօրանանք ներքնապէս, դառնանք ուժ ու բռունցք, թող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը գօտեպնդիչ ուժ դառնայ մեզ մղելու առաւել պայքարելու եւ հասնելու մեր սրբազան ուխտին, որն է ազատագրուած հայրենիքը» ընդգծեց Գարայեան: Այս առթիւ ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն, յատկապէս՝ վարչական ընկերուհիներուն, լիբանանահայ ծանօթ երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեանին , Պրն. Րաֆֆի Հէյպէլեանին եւ Պերեճիկի հայրենակցական միութեան տիկնանց յանձնախումբին, որ սիրայօժար պատրաստած ու տրամադրած է՝ վարչական ընկերուհիներու կուրծքին զետեղուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ՝ անմոռուկի տեսքով ձեռային աշխատանքներն ու ներկաներուն հիւրասիրուած անմոռուկի ձեւով կրկնեփուկները:
Ապա ան հրաւիրեց Անթիլիասի եւ Ծաղկաձոր-Մզհեր շրջաններու ծխատէր, Արժ. Տ. Սարգիս քահ. Սարգիսեանը , որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ:
Տէր Սարգիս քահ. անդրադարձաւ այս ձեռնարկին զուգադիպող՝ Միջինքի, պահքի եւ ծոմապահութեան խորհուրդին, նշելով այս առթիւ հայ ընտանիքէն ներս պահպանուող ու կիրարկուող աւանդութիւններն ու սովորութիւնները: «Հայ ժողովուրդը աւանդապահ, հաւատացեալ ու հայրենասէր ժողովուրդ է» ընդգծեց ան շեշտելով, որ այդ առաքինութիւններու պահպանման շնորհիւ կրցանք գոյատեւել եւ թէ՝ եկեղեցին, կրօնքն ու ազգը անբաժան են ու հոսկէ՝ հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է: Ան վեր առաւ հայ մօր ու առհասարակ հայ կնոջ դերը՝ հայկական աւանդութիւններու պահպանման, իր զաւակներու փոխանցման, անոր նուիրումի եւ զոհաբերութեան ոգին: «Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք մենք այսօր յարութեան սերունդն ենք եւ կը շարունակենք գոյատեւել» ըսաւ հայր Սարգիսեան մէջբերելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին խօսքը, թէ՝ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը սուգի առիթ մը չէ այլեւս»: «Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է մտածէ, թէ եկեղեցասիրութեան, ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան այդ մեծ հարստութիւնը, ժառանգը մենք որքանո՛վ կը պահպանենք» շեշտեց Տէր Սարգիս Սարգիսեան թուելով հայ իրականութենէն ներս հետզհետէ շեշտուող յոռի երեւոյթները, ինչպէս՝ օտարամոլութիւնը, ձուլումի վտանգը եւայլն:
Այս առթիւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, ընկերուհիներու կողէ նուիրուած ծաղկեփունջով դիմաւորուած՝ խանդավառեց մթնոլորտը ժողովրդային սիրուած երգերով: Իսկ արուեստագիտուհի Սիրվարդ Ֆազլեան ասմունքեց «Յառաջ նահատակ» քայլերգը (խօսք՝ Գէորգ Կառվարենցի եւ երաժշտութիւն՝ Բարսեղ Կանաչեանի) եւ Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» խորագրեալ բանաստեղծութիւնը: Ընկերուհիներու պատրաստած համադամ ուտելիքներու հիւրասիրութեան կողքին, ներկաները համտեսեցին նաեւ Արցախեան հարիւրաւոր տարիներու աւանդութեան հացը՝ գարնանային բոյսերվ ու կանաչեղէններդով պատրաստուած՝ «Ժենկեալի հաց»ը: Եղան նաեւ խաղեր ու նուիրատուութիւններ:








