Ընկերային Հանդիպում

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Անթիլիաս) քանի մը ամիս բացակայութենէ ետք, Երեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, «Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահէն ներս (Մըզհեր), ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանի եւ շուրջ 45 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:

Նորակազմ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Վարդուկ Գալայճեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց վարչական նոր կազմը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն ձեռք-ձեռքի տալով յաջողութեամբ աւարտել ներկայ տարեշրջանը: Ապա փոխանցեց վարչութեան մշակած տարեկան ծրագիրը:

Ընկհ. Գալայճեան, վարչութեան եւ մասնաճիւղի անունով, բարի երթ մաղթեց մասնաճիւղի վաստակաշատ ընկերուհիներէն Լալա Գազանճեանին, անոր երկրէն մեկնելուն առիթով եւ յաջողութիւն՝ իր ապագայ ծրագիրներուն: Ապա հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ընկհ. Գազանճեան իր կարգին յարատեւ վերելք մաղթեց ԼՕԽ-ի գործունէութեան, յատկապէս «Նայիրի» մասնաճիւղին:

Մեղմ մեղեդիներու ընկերակցութեամբ շարունակուեցաւ ձեռնարկը ստեղծելով ուրախ եւ հանդարտ մթնոլորտ մը: Կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները բարձր գնահատեցին վարչութեան աշխատանքը, շնորհաւորեցին նորակազմ վարչութիւնը, գոհունակութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթելով բաժնուեցան սրահէն, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: