Ճաշկերոյթ - Պարահանդէս Ս. Ծննդեան տօնին առիթով

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան (Անթիլիաս) ,Երկուշաբթի 5 Յունուար, 2015-ի երեկոյեան ժամը 9:30-էն սկսեալ ,Ս. Ծնունդի խթման առիթով տեղի ունեցաւ պարահանդէս «Kerket Al Haj »ճաշարանին մէջ:

Ճաշարանի մուտքին ներկաները հիւրասիրուեցան տուրմով եւ ստացան նուէրներ տրամադրուած տարբեր հաստատութիւններու կողմէ:

Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի ընկհ.Շաքէ Գարայեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան զոյգ տօներուն առթիւ ջերմագին մաղթանքներով բարի եւ ուրախ տարի մը մաղթեց:

Մթնոլորտը խանդավառեց հալէպահայ տաղանդաւոր երիտասարդ երգիչ՝ Յակոբ Մկրտիչեան, որ հայերէն, օտար եւ ազգագրական երգերով ճոխացուց ձեռնարկը:

Ժամը 12-ին ամենատպաւորիչ պահն էր, երբ խումբ մը եկեղեցասէր երիտասարդներ տապերով, ծնծղաներով եւ մոմերով մտան ճաշարան , շարականներով եւ երգերով աւետեցին Յիսուս Մանուկին Սուրբ Ծնունդը

Ապա ձեռնարկը շարունակուեցաւ նոյն խանդավառութեամբ մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը:

Ուրախ մթնոլորտէ խանդավառուած եղան նուիրատուութիւններ:

Ներկաները ճաշարանէն դուրս ելան գոհունակ եւ ուրախ, յառաջիկայ խթման ձեռնարկին կրկին տեսնուելու խոստումով: