ՆԱՅԻՐԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

This page is not yet available in this language.

26 հոկտեմբերին Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Նայիրի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը, որուն նիւթն էր հայ կիներուն առողջութիւնը։

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Գալայճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ նման ձեռնարկի մը կայացման նպատակը, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց օրուան բանախօսը՝ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօղլեան, որ դասախօս է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքին։

Թ. Հաշէօղլեան ներկայացուց, որ ի տարբերութիւն այրերուն կիներուն մօտ հիւանդութիւնները կը զարգանան լռելեայն կերպով, ինչպէս՝ սրտանօթային հարցերը, շաքարախտը, կուրծքի ու արգանդի քաղցքեղը, եւ այլն։ Բայց եւ այնպէս ան շեշտեց, որ անյաղթահարելի ոչինչ գոյութիւն ունի, մանաւանդ եթէ նախազգուշական բոլոր միջոցներուն դիմուի։ Ան ներկաներուն յանձնարարեց հաւասարակշռուած սննդականոնի հետեւելու, մարզաձեւեր կիրարկելու, նաեւ կարեւորութիւն տալու հանգիստին։ Ան խորհուրդ տուաւ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ բժշկական քննութիւն կատարելու, բժիշկի այցելելու, որպէսզի կարելի ըլլայ բարդութիւններուն առաջքը առնել եւ լուրջ հիւանդութիւններու տարածումը կասեցնել։ Դոկտ. Հաշէօղլեան նկատել տուաւ, որ մեծապէս վնասակար է ծխախոտը, ոչ միայն ծխողին, այլ զայն շրջապատողներուն եւս։

Դասախօսութենէն ետք ներկաներուն հրամցուեցան լիբանանեան աւանդական ճաշեր, տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։