Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ (2015)

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան, մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 մայիս 2015-ի կէսօրէ առաջ, ՀՄԸՄ-Աղբալեան մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի` ընկհ. Թալին Գլպաշեանին, Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լիլիան Օրտողլեանին, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ականներու եւ ԼՕԽ-ի համակիր մեծ թիւով հայուհիներու:

Ատենապետուհի ընկհ. Շաքէ Գարայեան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը ողջունելով ներկաները եւ ներկայացնելով օրուան յայտագրի գլխաւոր կէտերը: Ապա խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ ըսաւ.«Սիրելի մայրեր եւ քոյրեր, այսօր հոս հրաւիրուած ենք մեծարելու հայ մայրը, բոլորդ մեծարուած էք, բաւարար չէ տարին մէկ օր, հարկ է ամբողջ տարին մեծարել ձեզ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն եւ  ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամ այժմ Հայաստապնաբնակ՝ ընկհ. Սօսի Գասարեանին, «որուն միջոցաւ ունեցանք հայկական գոգնոցներն ու բռնիչները», յիշեցուց նաեւ , որ սոյն  սրահը կոչուեցաւ«Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահշնորհիւ Տիրան եւ Հրայր Պապիկեան եղբայրներուն, ողջունելով տիկ. Հուրի Պապիկեանը, որ անձամբ ներկայ էր ձեռնարկին: Ապա Գարայեան բեմ հրաւիրեց Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Թալին Գլպաշեանը, որ բարձր գնահատեց «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ԼՕԽ-ականներու ժրաջան գործունէութիւնը: «Այս գեղեցիկ տեսարանին առջեւ կը քաջալերեմ ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, կարեւոր չէ թէ անիկա Շրջանային է, ԼՕԽ-ականներ, յանձնախումբ թէ մասնաճիւղ, որովհետեւ ԼՕԽ-ը մէկ ընտանիք է եւ հարուստ է անոր առաքելութեան հաւատացող անդամներով, վարչականներով, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը զլանան ու իրենց լաւագոյն ներդրումը կը բերեն իրագործելու ԼՕԽ-ի զանազան ծրագիրները՝ «Մայրերու Օր», «պնակ մը կերակուր» Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ թէ այլ ձեռնարկներ, վարձքերնիդ կատար սիրելի ընկերուհիներ»: Այս առթիւ եղան նուիրատուութիւններ ու վիճակահանութեան տոմսերու վաճառում, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր գեղանկարիչ Սիրվարդ Ֆազլեան եւ Նանոր ՏէրՍարգիսեան որպէս երէց եւ կրտսեր սերունդներու ներկայացուցիչներ՝ յաջորդաբար ասմունքեցին հատուածներ մայրերու յատուկ քերթուածներ: Իսկ քանոնահար Սալբի Քէօշկէրեան նուագեց հայկական յատուկ երաժշտութիւններ: Նմանապէս՝ հայկական, արաբական եւ եւրոպական յատուկ երգերով ելոյթ ունեցաւ ծանօթ արուեստագիտուհի-երգչուհի Ցոլինէ, մեծապէս խանդավառելով մթնոլորտը: Այս առթիւ նաեւ ձեռնարկի մուտքին թէ ելքին ներկաներուն բաշխուեցան յատուկ ծաղկաթաղարներ ու նուէրներ: