Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ-ի Շրջ. Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Աղթամար մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին Ամանորի հաւաքոյթը ձեռնարկը տեղի ունեցաւ, 17 Դեկտեմբեր 2016- ին ճաշարան Արեւի մէջ։ Ձեռնարկին բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի ՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, որ ուրախութեամբ ողջոյնի խօսք ուղղեց Լ.Օ.Խ-ի աշխատանքներուն հաւատացող համակիր տիկիններուն: Գնահատեց մասնաճիւղին գործունէութեան հանդէպ ժողովուրդին համարումը եւ…
Read moreՈւրբաթ,16 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնը ժամադրավայրը դարձած էր դարմանատան մէջ ծառայող կամաւոր բժիշկներուն: Կեդրոն ժամանեցին տարբեր մասնագիտութեան տէր բժիշկները (թիւով 12) իրենց ընտանիքներուն հետ: Կեդրոնի բժիշկներուն համար կազմակերպուած աւանդական այս հաւաքոյթը, վարչութիւններուն համար եղած է երախտագիտութեան նուազագոյն արտայայտութիւնը անոնց՝ մեր ժողովուրդին…
Read moreՀովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ՝ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հայկական ուտեստեղէններու եւ տոհմիկ աւանդութիւններու տարեկան ցուցահանդէս-վաճառքը: Ձեռնարկին ներկայ էին Այնճարի հոգեւոր հայրերը, Առաքինազարդ Քոյրը, պատկան մարմիններու…
Read moreԿազմակերպութեամբ՝ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Ուրբաթ 18 Նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լ.Օ.Խ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Քանափէներու» և Թացաններու պատրաստութեան միօրեայ դասընթացք մը, որ ներկայացուեցաւ ընկերուհի Փառանձեմ Քէլեանի կողմէ: Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան և դաստիարակչական յանձնախումբին անունով, բարի գալուստի խօսք մաղթեց ներկաներուն՝ ընկերուհի Ռիթա…
Read moreՈւրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին , «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը ողողուած էր Այնճարի տարեցներով, որոնք ընդառաջած էին ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի հրաւէրին: Ճաշկերոյթը սարքուած էր բարերարութեամբ` Տէր և Տիկին Սեդրակ Բաբիսեան ամոլին, ներկայութեամբ՝ Այնճարի հոգեւոր հայրերուն, Առաքինազարդ քրոջ, Տէր և Տիկին Պատուելի Ագպաշարեաններուն և շուրջ 100 ներկաներու: Բացման…
Read moreՈւրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ «Ոսկի Աշուն»ը ձեռնարկը: Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ընկերուհիներէն՝ Վիքթորիա Հերկելեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց ծանօթ խոհարարուհի՝ ընկերուհի Մարօ Չէօրէքճեանը, որու ցուցմունքներով՝ ձմրան դդումով (ղափամա) պատրաստուեցան…
Read moreԿազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, աջակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային ծառայութեան յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ գիւղի երկսեռ տարեցներուն, երեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ լեռնարշաւ մը դէպի Այնճարի հանդիպակաց պուրակը: Մինչեւ որոշ տեղ՝ տարեցներուն վերելքը դիւրացնելու նպատակով, օգտագործուեցան ինքնաշարժներ: Բնապահպանման կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ նախաճաշի հիւրասիրութիւն…
Read moreԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը, իր տարեկան գործունէութիւնը սկսաւ «Ծանօթացման Հանդիպում»ով մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2016-ին, «Սարդարապատ» ժողովրդային տան «Աբրահամ Աշճեան» սրահին մէջ, ուր շրջանի ԼՕԽ-ական ընկերուհիները հրաւիրուած էին ծանօթանալու նորընտիր վարչութեան: Ձեռնարկը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգով, ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան բացուած յայտարարեց հանդիպումը: Ան բարի գալուստի…
Read moreԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «երեքէն տասը տարեկան մանուկներու առողջ սննդականոնի ձեւերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Տոքթ. Ռեմոն Նահհաս (մանկաբոյժ): Ան շեշտը դրաւ մայրական կաթի կարեւորութեան եւ բնական սնունդով աճելու հոլովոյթին վրայ: Ներկաներուն՝ դասխօսութեան նիւթին առնչուող…
Read moreՄուսա Լերան հերոսամարտի 101 եւ Այնճարի հիմնադրութեան 77 ամեակներուն առիթով կազմակերպուած աւանդական «Տոհմիկ Օր»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակէն ներս: Ձեռնարկը կը վայելէր ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, որու օժանդակած էին մասնաճիւղի հինգ յանձնախումբերը: Բեմը…
Read moreԿազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի բերդին կից գտնուող ձեռագործներու կրպակին վերաբացումը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին եւ SPNL ընկերակցութեան պաշտօնէութեան: Ծրագիրը կազմակերպուած էր Այնճարի քաղաքապետութեան, SPNL ընկերակցութեան եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար»…
Read moreԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի յանձնախումբերու ընկերուհիներուն համար 24 Մայիս 2016-ը եղաւ հաճելի եւ յիշատակելի օր մը: Միօրեայ պտոյտով մը աւարտեցաւ մասնաճիւղի 2015 - 2016 տարեշրջանի գործունէութիւնը: Խումբը շրջեցաւ Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Այցելեց “Սայտէթ Պըշուաթ” եկեղեցին, Արզ , Պընեշղի Լիճը , Պիքֆաեայի Ապրիլեան յուշարձանը եւ դպրեվանքը ուր ընկերուհիները միաբերան աղօթեցին եւ շարական երգեցին: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան…
Read moreԱյնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի եւ աշխատանոցի յանձնախումբերուն ջանքերով, երեք ամիս տեւած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքը աւարտեցաւ 25 Մայիս 2016-ին: Մարաշի ասեղնագործութիւնը սորվեցան 7 տիկիններ, ընկհ. Ռիթա Լագիսեանի ցուցմունքներով, Մաքոք՝ 6 տիկիններ, Տիկին Ռեբեկա Թիւմպէրեանի ցուցմունքներով, Այնթէպի ասեղնագործութիւն՝ 3 տիկիններ, Տիկին Ցոլինէ Տումանեանի ցուցմունքներով, իսկ Սուազի ասեղնագործութիւն՝ 7…
Read moreԱյնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց անգլերէն լեզուի դասընթացք մը, որ դասաւանդուեցաւ շաբաթական դրութեամբ, ընկերուհի Մակի Ուրֆալեանի կողմէ եւ երեք ամիս տեւողութեամբ: Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլ 2016-ին, վերջին դասապահի աւարտին, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Կազմակերպող յանձնախումբին անունով խօսք առաւ ընկերուհի Անի Տիւքէնճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուին եւ վկայեց, թէ դասապահերը ընթացան…
Read moreԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունի, ամէն տարի, հոգեհանգստեան պաշտօնով յարգելու մահացած ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարերարներու յիշատակը: Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, հրամցուեցաւ հոգեսուրճ: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան անդրադառնալով մասնաճիւղի…
Read moreՀամբարձում եայլա եայլա ջան եայլա..... ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը, Համբարձման տօնին առիթով, կազմակերպած էր հաւաքոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ին, Այնճարի «Ռազմիկ» ճաշարանի գեղեցիկ բնութեան գրկին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, համակիրներու եւ հիւրերու: ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց…
Read moreԱյնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական դասախօսական շարքին 2–րդը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Ապրիլ, 2016-ին , կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ , ներկայութեամբ աւելի քան 60 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: Ընկերուհի Համեստուհի Ճանպազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց օրուան դասախօսը՝ սննդագէտ Օրդ. Նարէ Պուրսալեանը որ խտասալիկներու…
Read more«Աղթամար» Մասնաճիւղ Ա.- Հայկական մանրանկարչութիւն Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու աշխատանոցի յանձնախումբը հիւրընկալեցին Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի դասախօս եւ Տէրեան մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Անի Մարգարեանը, «Ս. Զէթլեան» կեդրոնի, «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ: Հաւաքուած հայրենակիցներն ու հիւրերը նախ ծանօթացան դասախօսուհիին կենսագրականին, որ…
Read moreՈւրբաթ, 29 Ապրիլ, 2016-ին, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական նիւթերով դասախօսական շարքի 3–րդն ու վերջինը : Բացումը կատարեց շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Սոնա Եաբուճեան որ հաստատեց առողջապահական նիւթերու մասին տեղեկութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Օրուայ դասախօս՝ ընկերուհի Վերժին Խորշիտեան խօսեցաւ մանրէներու մասին բացատրելով թէ ինչ է…
Read moreԿազմակերպութեամբ՝ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, գործակցութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերա բժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին , Ուրբաթ 15 Ապրիլ 2016-ին, կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գլխացաւերու պատճառները» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց մանկաբուժ ՝տոքթ. Պերճ Տագէսեան…
Read moreԱյնճարաբնակ աւագ սերունդը, համախմբուած եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնեց Զատիկը Չորեքշաբթի , 30 Մարտ 2016-ին՝ Ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ: Ճաշարանի տնօրէնութիւնը այս հաւաքոյթը նուիրած էր Այնճարի տարեցներուն՝ իրենց մեծ մօր , Պայծառ Քիւրտեանի յիշատակին: ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը ջանք չէր խնայած Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ստեղծելու տօնական մթնոլորտ, վերակենդանացնելով Մուսա լերան աւանդութիւնները: Այնճարի մէջ իրենց…
Read moreԱյնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպած հայկական ասեղնագործութիւններու դասընթացքները (Մարաշ, Սուազ եւ Նորվեկեան) արդէն ընթացք առած են Մարտ 2016-ին : Յանձնախումբը ի մտի ունի սոյն դասընթացքներով պահպանել եւ տարածել հայկական ձեռագործները : Դասատուներ՝ Մարաշի ասեղնագործութեան՝ Ընկհ. Ռիթա Լագիսեան Սուազ՝ Ընկհ. Ազատիկ Տաղլեան Նորվեկեան՝ Տիկ. Ցոլինէ Տումանեան Գնահատելի է նոր սերունդին…
Read moreԿազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 8 Մարտ 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին՝ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ կանանց Միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկ մը ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի ,Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային Վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ընկերուհիներուն, մեծ…
Read moreՍուրբ Սարգիս Զօրավարի Տօնը Այնճարի Մէջ Այնճարի ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի սրահը ուրբաթ, 22 յունուար 2016ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին լեցուած էր ընկերուհիներով եւ ԼՕԽ-ի համակիրներով` միասնաբար նշելու Սուրբ Սարգիս Զօրավարի անուանակոչութեան տօնը: Մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Անի Տիւքենճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք օրուան պատգամը տուաւ Այնճարի նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը…
Read more






















