Ձեռագործներու Կրպակի Վերաբացում

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ Այնճարի բերդին կից  գտնուող ձեռագործներու կրպակին վերաբացումը, ներկայութեամբ      ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետին եւ SPNL ընկերակցութեան պաշտօնէութեան:

Ծրագիրը կազմակերպուած էր Այնճարի քաղաքապետութեան, SPNL ընկերակցութեան եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ջանքերով:

Մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ ընկհ. Նաթալի Քէնտիրճեան բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց եւ գնահատեց ծրագիրը նախաձեռնողները նշելով, թէ նման հաւաքական ծրագիրներ կը պահանջեն  խմբային աշխատանք եւ յարատեւութիւն: Ընկերուհին մասնաճիւղի ընկերուհիները  հրաւիրեց մարտահրաւէրի եւ նեցուկ կանգնելու ԼՕԽ-ի ազգանուէր գործունէութեան: Ան շեշտեց, թէ ԼՕԽ-ի նպատակը միշտ եղած է բարելաւել հայ ընտանիքին ընկերային եւ տնտեսական մակարդակը, եւ թէ այս ծրագիրը պիտի սատարէ հայ տիկնոջ բարօրութեան: Ապա խօսք առաւ քաղաքապետ՝ ընկ. Վարդգէս Խօշեան, որ վեր առաւ  ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը եւ գնահատեց ու քաջալերեց նմանօրինակ ձեռնարկներ, որոնք իրենց շուրջ կը համախմբեն գիւղի երիտասարդութիւնը:

Ներկաները բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: