Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «երեքէն տասը տարեկան մանուկներու առողջ սննդականոնի ձեւերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Տոքթ. Ռեմոն Նահհաս (մանկաբոյժ): Ան շեշտը դրաւ մայրական կաթի կարեւորութեան եւ բնական սնունդով աճելու հոլովոյթին վրայ: Ներկաներուն՝ դասխօսութեան նիւթին առնչուող հարցումները հետաքրքրական գիտելիքներով հարստացուցին ձեռնարկը, իսկ Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, կազմակերպութեամբ Պէքաայի Herbal Life-ին՝ տեղի ունեցաւ այլ դասախօսութիւն մը «մարմնին մէջ իւղերու եւ ջուրի չափագրում» նիւթով, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ ներկաներուն՝ մարմնին մէջ իւղի ու ջուրի չափագրում, որմէ ետք հիւրասիրութիւն:













