Տարեցներու Ս. Յարութեան Հաւաքոյթ

This page is not yet available in this language.

Այնճարաբնակ աւագ սերունդը, համախմբուած եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տօնեց Զատիկը  Չորեքշաբթի , 30 Մարտ 2016-ին՝ Ճաշարան «Արեւ»-ի մէջ:  Ճաշարանի  տնօրէնութիւնը այս հաւաքոյթը նուիրած էր Այնճարի տարեցներուն՝ իրենց մեծ մօր , Պայծառ Քիւրտեանի յիշատակին:

          ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը ջանք չէր խնայած Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ստեղծելու տօնական մթնոլորտ, վերակենդանացնելով  Մուսա լերան աւանդութիւնները:

         Այնճարի մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը կատարող հոգեւորականները, Տէր Աշոտ Աւագ Քհնյ. Գարագաշեանը, Տէր Արսէն Աւագ Քհնյ. Քէշիշեանը, Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը եւ քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեանը՝ աղօթքով բացուած յայտարարեցին հաւաքոյթը: Ապա յանձնախումբի ատենապետուհի ՝ ընկհ. Քնար Գամպէրեան կատարեց բացումը, սէր ու յարգանք տարածելով դէպի տարեց սերունդը, մաղթելով անոնց առողջութիւն եւ երկար կեանք: Ան  շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի բարերար Զէյթլեան ընտանիքին:

          Յայտագիրը ճոխացնելու համար հրաւիրուած էր Ազգային «Յառաջ- Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն՝ Հայերէն լեզուի երկար տարիներու ուսուցչուհի Տիկ. Հուրի Քիլէճեանը, որ իր գեղեցիկ ասմունքներով աւելիով ծաղկեցուց յայտագիրը:

  Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան ներկայ տարեցներէն ոմանք ներկայացնելով ասմունքներ եւ սրտի խօսքեր:

        Ներկաները երաժշտութեան հնչիւններու տակ պարեցին աշխուժօրէն մրցելով երիտասարդներուն հետ:

Տեղի ունեցաւ աւանդական  հաւկթամարտ:

  Տարեցները ուրախ եւ օրուայ խորհուրդով գօտեպնդուած մեկնեցան ճաշարանէն: