Հոգեհանգստեան պաշտօն Այնճարի մէջ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունի, ամէն տարի, հոգեհանգստեան պաշտօնով յարգելու  մահացած ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարերարներու յիշատակը:

Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, Այնճար, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, տեղի ունեցաւ  հոգեհանգստեան  արարողութիւն, ապա եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, հրամցուեցաւ հոգեսուրճ:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան անդրադառնալով մասնաճիւղի բոլոր հանգրուաններուն ուրախութեամբ յայտնեց, թէ յաճախ վարչութիւնները ունեցած են օժանդակ ձեռքեր, ըլլան անոնք պատկան մարմիններ թէ անհատներ: Յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Հ.Յ.Դ. «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետութեան, իրենց մշտական զօրակցութեան համար:

Ապա յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեան, Տէր Աշոտ Աւագ Քհն. Գարագաշեան, Տէր Նարեկ Աւագ Քհն. Շիրիքեան, Պատ. Յակոբ Ագպաշարեան, Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկեր Յարութ Լագիսեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, որոնք անդրադարձան օրուան խորհուրդին յիշելով, որ  օրը կը զուգադիպի հոգեգալստեան տօնին: Անոնք, հիացմունքով արտայայտուեցան Այնճարի մէջ, «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատան ընձեռած լայն ծառայութեան մասին եւ կամաւոր աշխատանքի բարիքներուն: