Ժողովուրդին բոլոր խաւերը, Կաղանդի եւ տօնական օրերու նախօրեակին, ունին իրենց իրաւունքները` ուրախանալու եւ կեանքին ընթացքին մէջ նորութիւններ գտնելու: ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու իր տարբեր յանձնախումբերու ընկերուհիները, նուազագոյն ուրախութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնելու համար ժողովուրդին, տօնական օրերու նախօրեակին ծրագրեցին ու կազմակերպեցին հետեւեալ ձեռնարկները. 1) 12 դեկտեմբեր 2012-ին Այնճար աւանի 140 երկսեռ…
Read moreԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ 2 հոկտեմբեր 2012, ուրբաթ կ. ա. ժամը 11:00-ին, մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ: Օրուան դասախօսն էր դեղագործ Գալէ Տէր Գալուստեան, որ խօսեցաւ «Դեղերու ճշգրիտ գործածութիւնը եւ դեղերու տարբերակները» նիւթին շուրջ: Յարգելի դասախօսը ներկայացուց դեղերու ճշգրիտ օգտագործման կերպերը, սխալ օգտագործումի ժխտական հետեւանքը, դեղերու փոխազդեցութիւնը…
Read moreՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա լերան տոհմիկ երեկոյ, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ էր: Գիւղի հոգեւոր պետերուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանին, 100-ամեակի կեդրոնական մարմինի պատուոյ նախագահ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանին, տէր եւ տիկին…
Read moreԸնկերային Հաւաքոյթ Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին, 17 փետրուար 2012-ի երեկոյեան, «Մուսա լեռ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթ: Մինչ դուրսը երկար ատենէ սպասուած ձիւնը առատօրէն կը տեղար` իր բարիքները սփռելով ամէնուրեք, ներսը հայկական երգերու ջերմ մթնոլորտ կը տիրէր: Ներկաներուն հոգիները կը լեցուէին Սայաթ Նովայի եղանակներով եւ Բարեկենդանի շունչով: Օրուան…
Read moreԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը, պահեցողութեան եւ Բարեկենդանի նախօրեակին, մեծ ուրախութեամբ հրաւիրեց Այնճար աւանի եւ Զահլէի ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու տիկինները` միասնաբար ապրելու եւ վերյիշելու մեր տոհմիկ աւանդութիւններն ու բարքերը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սարգիս Զէյթլեան ժողովրդային տան մէջ: Ներկայ էին մօտաւորապէս 100 հոգի: Թեման բաժնուած էր երեք…
Read moreԾաղկազարդի օրը` 17 ապրիլ 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 3:30 – 6:00, Գ. Կիւլպենկեան սրահը ժամադրավայր եղած էր Այնճարի փոքրիկներուն, որոնք երկու հանգրուաններով երգեցին, պարեցին, խաղացին ու զուարճացան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ԼՕԽ-ի Այնճարի Աղթամար մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, որ աւանդութիւն դարձուցած է Մանուկներու օր կոչել այս ձեռնարկը: Պզտիկները առաւելագոյն չափով զուարճացնելու նպատակով, հրաւիրուած էին Քիքին, իր…
Read moreՆերկայ դարուս, արհեստագիտութեան արագ հեւքին պատճառած զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ կինը այդ կացութեան հետ հաշտ պահելու նպատակով, ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը ձեռնարկեց 4 ամիսներու վրայ երկարող համակարգիչի դասընթացքի մը` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ: Դասընթացքին դասատուն էր Ցոլակ Հերկելեան` Այնճարի երիտասարդ ուժերէն: Սոյն դասընթացքին հետեւեցան 20 կիներ: Դասատուն…
Read more1 հոկտեմբերին Ս. Զէյթլեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Փիթըր Հրեշտակեան։ Ան խօսեցաւ հայկական տի. էն. էյ.ի վերաբերող իր կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն մասին՝ լուսարձակի տակ առնելով ան երեւոյթը, որ հայկական տի. էն. էյ.ը որքան հին է, ուրկէ սերած է։ Ան տարբեր շրջաններուն մէջ ապրող շուրջ 300 հայերէ տի. էն. էյ.ի օրինակներ առած է՝ սերտելու համար հայերու տարիքը։ Ձեռնարկին բացումը կատարեց…
Read moreՎերջին 5 տարիներուն ընթացքին ԼՕԽի Աղթամար մասնաճիւղը կիրականացնէ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը՝ Ոսկի աշուն խորագիրով։ Աշնան սկիզբը, երբ դպրոցները իրենց դռները կը բանան եւ նոր տարեշրջան մը կը սկսի, երբ գիւղին մէջ բերքահաւաքը իր աւարտին կը հասնի եւ ձմրան ուտեստեղէններու պահեստի աշխատանքը կաւարտի, ԼՕԽի մասնաճիւղի Այնճարի կիներն ու օրիորդները կը հրաւիրէ այս ձեռնարկին՝ վայելելու աշնան բարիքները եւ ամրապնդուելով աւելի լաւ ապագայի մը…
Read more

