ԼՕԽ-Ի ԱՂԹԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

This page is not yet available in this language.

Ներկայ դարուս, արհեստագիտութեան արագ հեւքին պատճառած զարգացումներուն հետ քայլ պահելու եւ կինը այդ կացութեան հետ հաշտ պահելու նպատակով, ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբը ձեռնարկեց 4 ամիսներու վրայ երկարող համակարգիչի դասընթացքի մը` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ:

Դասընթացքին դասատուն էր Ցոլակ Հերկելեան` Այնճարի երիտասարդ ուժերէն: Սոյն դասընթացքին հետեւեցան 20 կիներ: Դասատուն սիրայօժար ստանձնեց այս օգտաշատ ձեռնարկին պարտականութիւնը: Դասընթացքը իր լրումին հասաւ եւ այդ նպատակով երէկ` 14 ապրիլ 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մասնաճիւղի Ֆիլհանէսեան կեդրոնին մէջ համախմբուած էին վարչութիւնը, յանձնախումբը, դասատուն եւ կիները` ստանալու համար համապատասխան վկայագիրները:

Բացման խօսքով Մատլեն Խօշեան յանձնախումբին անունով դրուատեց կիներուն մասնակցութեան ոգին` ամէնօրեայ նորութեանց հետ քայլ պահելու գիտակցութիւնը` մաղթելով, որ փոխանցուած գիտելիքները օրին եւ տեղին ծառայեն անոնց զաւակներուն, ընտանիքին եւ շրջապատին` ըլլան անոնք միութեան, գործատեղիին եւ այլ վայրերու մէջ: Ապա Խօշեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասատուին, որ իր սուղ ժամերէն բաժին հանեց անսալով ԼՕԽ-ի առաջարկին` յօգուտ հայաւանի կնոջական խաւի զարգացման:

Ապա մասնակից կիները ստացան վկայագիրներ, որմէ ետք հայկական նուռերով պատրաստուած արուեստի գործ մը նուիրուեցաւ դասատուին, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղին եւ յաջողութիւն ցանկաց վկայեալներուն:

Աւարտին, մասնաճիւղի ատենապետ Սանդուխտ Հերկելեան դասատուին եւ դաստիարակչական յանձնախումբին փոխանցեց վարչութեան գնահատական խօսքը, մանաւանդ որ յանձնախումբը ամէն ջանք թափած էր յաջողցնելու սոյն ձեռնարկը:

ԹՂԹԱԿԻՑ