ՈՍԿԻ ԱՇՈՒՆ : ԱՂԹԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

This page is not yet available in this language.

Վերջին 5 տարիներուն ընթացքին ԼՕԽի Աղթամար մասնաճիւղը կիրականացնէ գեղեցիկ նախաձեռնութիւն մը՝ Ոսկի աշուն խորագիրով։ Աշնան սկիզբը, երբ դպրոցները իրենց դռները կը բանան եւ նոր տարեշրջան մը կը սկսի, երբ գիւղին մէջ բերքահաւաքը իր աւարտին կը հասնի եւ ձմրան ուտեստեղէններու պահեստի աշխատանքը կաւարտի, ԼՕԽի մասնաճիւղի Այնճարի կիներն ու օրիորդները կը հրաւիրէ այս ձեռնարկին՝ վայելելու աշնան բարիքները եւ ամրապնդուելով աւելի լաւ ապագայի մը յոյսով։

Ոսկի աշուն ձեռնարկին գաղափարը առնուած է Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցող բերքահաւաքի տօնակատարութիւններէն։ Աշնան եղանակին հայաստանեան շրջաններու բացօթեայ դաշտերուն մէջ ցուցադրութեան կը դրուին եղանակային պտուղներն ու բանջարեղէնները եւ տօնակատարութիւն կը կատարուի։ Ազգագրականգաւառական պարերով ելոյթ կունենան շրջանի պարախումբերը, ինչպէս նաեւ փողոցներուն մէջ տօնական տրամադրութիւն կը տիրէ։ Ժողովուրդին համար ոսկի առիթ մըն է այս տօնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ՝ իրենց շնորհուած բերքին համար, ինչպէս նաեւ նորոգելու իրենց հաւատքը՝ աւելի բարեբեր տարուան մը համար։

Այնճարի մէջ կազմակերպուած այս ձեռնարկին խորհուրդը այն է, որ այդ միջավայրին մէջ ապրելով այնճարցիները կը վայելեն տարուան չորս եղանակները, հողին բարիքներէն կօգտուին, մաքուր ու ապականումէ զերծ օդ կը շնչեն, զով մթնոլորտի մէջ կը քնանան, լռութիւնն ու հանդարտութիւնը դրական անդրադարձ կունենան շրջանի բնակիչներուն վրայ։ Այս բոլորին համար ձեռնարկը կը կազմակերպուի փառք տալու Աստուծոյ։

Յաճախ կը կարդանք, որ հոգեբաններ իրենց հիւանդները բուժելու համար կը դիմեն բնութեան։ Փաստուած է, որ ժայռի մը, լերան մը վրայ նստելով կամ բնութեան մէջ քալելով հոգեկան տագնապներ ունեցող մը կրնայ աւելի դիւրին ու արագ բուժուիլ, քան դեղեր սպառող մը։

Պահենք բնութիւնը մաքուր, չդժգոհինք ամրան տաքէն, աշնան հովէն, ձմրան ցուրտէն, այլ միշտ գոհունակութիւն յայտնենք Աստուծոյ եւ տօնախմբութեամբ դիմաւորենք հարուստ, հասուն, առատ եւ ոսկի աշունը։