Օգտակար  Ուտելիքներու Տեսակները» նիւթով դասախօսութիւն

This page is not yet available in this language.

Այնճարի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական դասախօսական շարքին 2–րդը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 26 Ապրիլ, 2016-ին , կ.ա. ժամը 11-ին, Այնճարի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի նորակառոյց սրահին մէջ , ներկայութեամբ աւելի քան 60 ընկերուհիներու եւ համակիրներու: 

Ընկերուհի Համեստուհի Ճանպազեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն,  հրաւիրեց  օրուան դասախօսը՝ սննդագէտ Օրդ. Նարէ Պուրսալեանը որ խտասալիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց իր նիւթը,  բացատրելով օգտակար  եւ առողջարար ուտելիքներու տեսակներն ու կարեւորութիւնը:

Աւարտին ան զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն բոլոր հարցումներուն։