ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի յանձնախումբերու ընկերուհիներուն համար 24 Մայիս 2016-ը եղաւ հաճելի եւ յիշատակելի օր մը:
Միօրեայ պտոյտով մը աւարտեցաւ մասնաճիւղի 2015 - 2016 տարեշրջանի գործունէութիւնը:
Խումբը շրջեցաւ Լիբանանի տեսարժան վայրերը: Այցելեց “Սայտէթ Պըշուաթ” եկեղեցին, Արզ , Պընեշղի Լիճը , Պիքֆաեայի Ապրիլեան յուշարձանը եւ դպրեվանքը ուր ընկերուհիները միաբերան աղօթեցին եւ շարական երգեցին:
Անոնք բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան Այնճար:




















