Ուրբաթ, 29 Ապրիլ, 2016-ին, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի Աղթամար մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբի կազմակերպած առողջապահական նիւթերով դասախօսական շարքի 3–րդն ու վերջինը :
Բացումը կատարեց շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Սոնա Եաբուճեան որ հաստատեց առողջապահական նիւթերու մասին տեղեկութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Օրուայ դասախօս՝ ընկերուհի Վերժին Խորշիտեան խօսեցաւ մանրէներու մասին բացատրելով թէ ինչ է մանրէն , ուր կը գտնուի եւ ինչպէս կարելի է պաշտպանուիլ անոնցմէ :
Ապա առիթը տրուեցաւ I.O.C.C. կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տիկ. Ամալին որ փոխանցէ կարգ մը կարեւոր կէտեր ուտեստեղէնները սառնարան պահելու ձեւերուն մասին, որպէսզի անոնք մնան առողջարար:
Աւարտին դասախօսը ներկաները հիւրասիրեց առողջապահական ուտեստեղէններով եւ չիրերով:









