Garineh — News & Events

This page is not yet available in this language.

Ուխտագնացութիւն դէպի ''Մար Շարպել''

Այս տարուան գարնան առաջին օրը ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին համար իւրայատուկ էր. վարչութիւնը ուխտագնացութիւն մը կազմակերպած էր դէպի Մար Շարպել: 20 մարտ, 2014-ի առաւօտուն, շուրջ 85 ուխտաւորներ, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան դէպի Աննայա գիւղը: Սուրճով եւ անուշեղէնով դիմաւորուելէ ետք վարչութեան կողմէ, անոնք այցելեցին վանքը, մասնակցեցան օրուան Ս. պատարագին, մոմեր վառեցին, աղօթեցին, կատարեցին իրենց…

Read more
Թէյասեղան-Դասախօսութիւն

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւնները տարեկան իրենց ծրագրին մէջ անպայման յատուկ տեղ կը տրամադրեն դասախօսութեան մը, ըլլայ այդ մէկը դաստիարակչական կամ առողջապահական: 25 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց դասախօսութիւն-ձեռնարկ մը, Ամանոսի Ս. Թէհլիրեան ակումբին մէջ, ուր թէյասեղանի մը շուրջ հաւաքած էր իր ԼՕԽ-ականները եւ շրջանի համակիրները: Տրուած ըլլալով, որ վերջերս լուրջ…

Read more
ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը Ամանոսի շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ 85 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Սոյն ձեռնարկին վարչութիւնը հրաւիրած էր իր որդեգրած ծերերը եւ կարիքաւոր պարագաները: Վարչութիւնը պատրաստած էր օրուան հրամցուելիք ուտելիքները, սեղանները զարդարած էր ձեռային աշխատանքներով: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելով…

Read more
Ժողովրդային Փառատօն Եւ Ս. Պատարագ` Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Անցնող շաբաթավերջին խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջապատը, որովհետեւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր, եւ այդ առիթով` նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի, տեղի ունեցաւ ժողովրդային փառատօն: Արդարեւ, 23 Նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն եկեղեցւոյ շրջապատը զետեղուեցան կրպակներ, որոնք կը ներկայացնէին Բալուի եւ Մարաշի հայրենակցական…

Read more
Ընկերային Հաւաքոյթ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը (Ամանոս) 29 հոկտեմբեր 2013-ին, կազմակերպած էր ընկերային հաւաքոյթ մը` «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ, համախմբելով շրջանի ԼՕԽ-ականները եւ համակիրները (թիւով 90 հոգի): ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան անդրադարձաւ հայ մօր պարտականութիւններուն, որոնք հակառակ ծանր ըլլալնուն` հայ դպրոցին, հայ եկեղեցիին, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն օգնութեամբ կը…

Read more
Կազդուրման կայան 2013 (14-րդ օր)

ԼՕԽ-ի ‘’Կարինէ’’ մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ամանոս ) , 24 Օգոստոս 2013-ին, այցելեց Այնճարի ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի փոքրիկները, եւ անոնց հիւրասիրեց վարչութեան պատրաստած հայկական ,աւանդական համեղ մածունով թօփիկները, ինչպէս նաեւ նուէրներ, ձեռային պատրաստուած ծաղիկներ ,վրան գրուած մասնաճիւղին անունը ‘’ ԿԱՐԻՆԷ’’: Փոքրիկին ուրախացնելը հոգեկան մեծ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն կը պարգեւէ…

Read more
Թէհլիրեան Կոմիտէի  ‘’Տոհմիկ  Օր’

ԼՕԽ-ի ‘’Կարինէ ‘’ մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բեռաւ ՀՅԴ ‘’Սողոմոն Թէհլիրեան ‘’Կոմիտէի կազմակերպած ‘’Տոհմիկ Օր’’ ձեռնարկին կիրակի 23 Յուլիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10- էն մինչեւ երեկոյան ճամը10 –ը: Մի քանի օր առաջ ԼՕԽի վարչութիւնը եւ շրջանի խաչուհիները ձեռք ձեռքի տալով սկսած էին պատրաստել համադամ ‘’սարմա’’, ‘’հայկական մանթը ‘’, ‘’պրեոշ’’ եւ պտուղի աղձան: Կիրակի օր Թեհլիրեան ակումբին փողոցը եռուզեռ մը կար……

Read more
Արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւ Թիւ 7 (Թէհլիրեան ակումբ)

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ առողջապահական յանձնախումբին եւ Ա. Պուլղուրճեան Ընկերաբժշկական Կեդրոնի նախազգուշականբաժանմունքին, արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւը որ ընթացք առած էր 21 Ապրիլ 2013-ին, իր վերջին հանգրուանին հասաւ Ուրբաթ 31 Մայիս 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4-9, Ամանոսի«Սողոմոն Թէհլիրեան» ակումբէն ներս, գործակցութեամբ շրջանի եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբի պատկան մարմիններուն, եւ ԼՕԽ-ի…

Read more
2013 Տարի… «Հայ Մօր» Տարի…

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը ամէն տարի տարեկան իրենց ծրագրին մէջ անպայման յատուկ ձեռնարկ մը կը կազմակերպեն` նուիրուած հայ մօր: Այդ մասնաճիւղերէն մէկն էր Ամանոսի շրջանին մէջ գործող «Կարինէ» մասնաճիւղը, որ 23 մայիս 2013-ին Զալքայի «Պուզըր» ճաշարանին մէջ համախմբած էր շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը: Ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ: Մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներու կողմէ…

Read more
Լ.Օ.Խ-ի «Կարինէ» եւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղեր: Ժողովրդային տօնախմբութիւններ

Ժողովրդային տօնախմբութիւնները մեր ազգային աւանդութիւնները եւ տոհմիկ սովորութիւնները վերապրեցնող ձեռնարկներ են: Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը աւանդական իր մատաղ օրհնէքին կողքին կազմակերպած էր ժողովրդային տօնակատարութիւն մը՝ Աստուածածնայ տաճար ընծայման տօնին առիթով, որ սովորաբար կը նկատուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ձեռնարկը համադրողը՝ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն էր…

Read more
Ընկերային հանդիպում-դասախօսութիւն

5 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում-դասախօսութիւն մը` Նոր Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին վերանորոգուած սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին վարչութեան: Մասնաճիւղի ատենապետ Անի Թիմիճեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք առաւ օրուան դասախօս տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ խօսեցաւ «Մեր զաւակներուն սպառնացող վտանգներ» խորագրեալ նիւթին շուրջ: Դասախօսը նախ…

Read more
«Կարինէ» մասնաճիւղի դաշտագնացութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին (Նոր Ամանոս), հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան առաջին ձեռնարկը` դաշտագնացութիւն դէպի Զըքրիթի Մար Ապտա ուխտատեղիի եկեղեցին եւ Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու, համակիրներու եւ 90 ԼՕԽ-ականներու: Իսկ Ժըհիթայի պատմական քարայրին մէջ անոնք…

Read more
Ամանոսի Շրջանին Մէջ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Վերանորոգուած Ակումբի Բացման Ժողովրդային Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 28 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ամանոսի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած ակումբի բացումը: Բացման խօսքը արտասանեց Սեդա Գրիգորեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբը 1969-էն ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` իբրեւ շառաւիղը իր անուանատիրոջ դաւանած սկզբունքներուն եւ հաւատամքին: «Թեհլիրեան» ակումբը այսօր կը ներկայանայ ֆիզիքապէս նորոգ…

Read more
ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը 11 ապրիլ 2011-ին կայացուց Ամանոսի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ առողջապահական արշաւ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի յանձնախումբին առողջապահական յանձնախումբին եւ նախազգուշական բաժանմունքին: Այս արշաւին նպատակն էր հանգանակութեան շրջանին ժողովուրդին, յատկապէս շրջանի հայ բնակիչներուն ծանօթացնել ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, աշխատանքը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի…

Read more
Կարինէ մասնաճիւղի առօրեայէն

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղը 11 ապրիլ 2011-ին կայացուց Ամանոսի Ս. Թեհլիրեան ակումբին մէջ առողջապահական արշաւ` հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան կեդրոնի յանձնախումբին առողջապահական յանձնախումբին եւ նախազգուշական բաժանմունքին: Այս արշաւին նպատակն էր հանգանակութեան շրջանին ժողովուրդին, յատկապէս շրջանի հայ բնակիչներուն ծանօթացնել ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, աշխատանքը, ԼՕԽ-ի Արաքսի…

Read more
ԿԱՐԻՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽի Կարինէ մասնաճիւղի վարչութեան, Ամանոսի Ս. Թեհլիրեան ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի 100-ամեակի հիմնադրամին: Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի մեծ ընտանիքին, անոր անդամներուն, ԼՕԽին, որոնք կը հաւատան ժողովուրդէն ժողովուրդին կարգախօսին եւ կ՛աշխատին հոգիով, կը…

Read more
ընկերային հանդիպում մը՝ ԼՕԽ-ականներու, համակիրներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը՝ ԼՕԽ-ականներու, համակիրներու եւ հարազատներու ներկայութեամբ։ Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին եւ զօրակցութեան համար։ Ան աւելցուց, որ ձեռնարկէն գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի առողջապահական, ընկերային եւ կրթական տարբեր տեսակի հարցերու լուծման ի խնդիր տարուող աշխատանքին…

Read more
ԼՕԽ-Ի ԿԱՐԻՆԷ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՊՏՈՅՏ

ԼՕԽ-ի Կարինէ մասնաճիւղի տարեկան պտոյտը տեղի ունեցաւ 18 սեպտեմբեր 2010-ին՝ դէպի Նահր Ասի։ Շուրջ 140 մասնակիցներ առաւօտեան ժամը 8։00-ին սկսան իրենց պտոյտին, որուն ընթացքին անոնք իրարու ծանօթացան, անոնց ներկայացուեցան մասնաճիւղի գործունէութիւնն ու տարուած աշխատանքները։ Անոնք առիթ ունեցան այցելելու Քսարա գինիի գործարանը, գաղափար ունեցան աշխատանքի բնոյթին եւ ձեւին մասին, նաեւ համտեսեցին համեղ գինին։ Պտոյտի մասնակիցները իրենց…

Read more