«Կարինէ» մասնաճիւղի դաշտագնացութիւն

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ  ԼՕԽ-ի  Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին (Նոր Ամանոս), հինգշաբթի,  20 սեպտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան  առաջին  ձեռնարկը` դաշտագնացութիւն դէպի  Զըքրիթի Մար Ապտա ուխտատեղիի եկեղեցին  եւ Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի, հրաւիրեալներու,  համակիրներու եւ 90 ԼՕԽ-ականներու: Իսկ Ժըհիթայի պատմական քարայրին մէջ անոնք  նաւակով շրջեցան  տեսարժան վայրին մէջ:

Կէսօրուան ճաշի դադարը տեղի ունեցաւ քարայրին ճաշարանին մէջ, ուր բարի գալուստի խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Անի  Թիմիճեան: Ապա մասնակիցները այցելեցին Զմմառու վանք, անոր գինետունը եւ թանգարանը` առաջնորդութեամբ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Հաղորդուելէ ետք, ներկաներուն բացատրութիւն տրուեցաւ թանգարանի եւ գինետան մասին: Պտոյտի վերջին հանգրուանն էր Հարիսայի եկեղեցին, ուր ընկերուհիները իրենց ուխտերը կատարելէ ետք, բարձր տրամադրութեամբ եւ գնահատական խօսքերով վերադարձան իրենց տուները` վարչութեան մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: