Թէհլիրեան Կոմիտէի  ‘’Տոհմիկ  Օր’

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի ‘’Կարինէ ‘’ մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բեռաւ ՀՅԴ ‘’Սողոմոն Թէհլիրեան ‘’Կոմիտէի կազմակերպած  ‘’Տոհմիկ  Օր’’  ձեռնարկին կիրակի 23 Յուլիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10- էն մինչեւ երեկոյան ճամը10 –ը:
Մի քանի օր առաջ ԼՕԽի վարչութիւնը եւ շրջանի խաչուհիները  ձեռք ձեռքի տալով սկսած էին  պատրաստել համադամ ‘’սարմա’’,  ‘’հայկական մանթը ‘’, ‘’պրեոշ’’ եւ պտուղի աղձան:
Կիրակի օր  Թեհլիրեան ակումբին փողոցը եռուզեռ մը կար….. ժողովուրդը եկած էր քաջալերելու ԼՕԽ-ի, ԼԵՄ-ի , ՀՄԸՄի եւ Պատանեկան միութեան տաղաւարները…… համտեսելու եւ գնելու անոնց պատրաստած ճաշերը , օշարակները , կորեկը , սուրճը , ‘’համպրկրը’’, տեսակաւոր կարկանդակները եւ ձեռային աշխատանքները……ինչպէս նաեւ մասնակցելու կազմակերպուած խաղերուն ուր յաղթողները կ՛ստանային արժէքաւոր նուէրներ տրամադրուած Հայ վաճառատուներու կողմէ:

Հայկական երաժշտութիւը եւ գեղարուեստական յայտագիրը ուրախ մթնոլորտ ստեղծած  էր…….

Վարձքը կատար Կոմիտէին եւ բոլոր  անոնց որոնք քաջալերեցին սոյն ձեռնարկը: