Aghavni Papazian — News & Events

This page is not yet available in this language.

Թէյասեղան. «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղ

Հինգշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2013-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ ծննդեան տօներուն առիթով, «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը ազնիւ գաղափարը ունեցած էր մասնաճիւղի անդամները հրաւիրելու թէյասեղանի մը շուրջ` ստեղծելով տօնական մթնոլորտ: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս անդամներու խմբային երգեցողութենէն ետք, խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան…

Read more
Նախաճաշի Ձեռնարկ «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի

Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցաւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի նախաճաշի ձեռնարկը, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանի, մասնաճիւղի եւ քոյր մասնաճիւղերու անդամներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու: Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ին տարած բազմաբնոյթ ծառայութիւնները, նուիրումն ու…

Read more
ԼՕԽ. «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի Պտոյտը

Հինգշաբթի, 18 յուլիսի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին անդամները եւ համակիրներ ուղղուեցան Քաֆար Տուպիան գիւղը, որ կը գտնուի Քեսրուանի բարձունքներուն` Պէյրութէն 44 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ կը նկատուի զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մէկը: Առաջին առիթով պտոյտին մասնակիցները այցելեցին Ժայիթայի «Սուրբ Էլի» վանքը, որուն մատրան մէջ աղօթքով ու մոմավառուութեամբ ապրեցան խորհրդածութեան պահեր, ապա…

Read more
«Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի «Մայրերու Օրուան» Տօնակատարութիւն

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 2 մայիս 2013-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին տեղի ունեցաւ «Մայրերու օրուան» նուիրուած հաւաքոյթ-ճաշը, «Ռիփապլիք» ճաշարանին մէջ, Զալքա: Մուտքին մայրերը ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկներու թաղարներ, «Նիվեա» եւ «Նեսքաֆէ» հաստատութիւններու այլազան արտադրութիւններ եւ նուէրներ: Քայլերգներու…

Read more
Բարեկենդան-«Ճաշի Պազար»` ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» Մասնաճիւղի

Հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ ներկայ է միշտ բարեպաշտ հաւատացեալ ու աւանդապահ հայը, որ կը սիրէ իր պապերէն ժառանգած աւանդութիւնները պահել: Մեծ պահքին նախորդող կիրակին կը կոչուի Բուն բարեկենդան, ժողովրդական լեզուով կը նշանակէ երջանիկ կեանք, վերակենդանացում, ուրախութիւն, խրախճանք եւ ճոխ ուտելիքներ: Մեր նախնիները Բարեկենդանը կը տօնէին մեծահանդէս տօնակատարութիւններով, աղօթքներու մրմունջներու կողքին, կը զուարճանային նաեւ ուտելով…

Read more
Այցելութիւն Ազունիէի Ազգային  Բուժարան 

Երեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2012-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Փափազեան» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներ այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարանը, ուր ծանօթացան անոր տնօրէնին, որ ամփոփ, բայց յստակ տեղեկութիւններ փոխանցեց այս հաստատութեան անձնակազմին ու զանազան բաժանմունքներուն մասին: Բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեան նաեւ ներկայացուց բուժարանին պատմականը, երբ 1915-ի Եղեռնէն ճողոպրած եւ Լիբանան հաստատուած հայերէն ոմանք աղքատութեան, սնունդի պակասի…

Read more
Տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը

Երեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2012-ին, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի աւելի քան ութսուն անդամներու, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղին նոր տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի Սարգիսեանի: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց վարչութեան ատենապետուհի Արաքսի Գըլըճեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հակիրճ…

Read more
Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 22 մայիսին, «Վիլլա Վերտէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւն: Սրահի մուտքին մայրերը ստացան հոտաւէտ տուփիկներ եւ մօր նուիրուած քերթուածներ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան, որ անդրադարձաւ…

Read more
Գարնան  Հաւաքոյթ

15 մարտ 2012-ին առաւօտեան ժամը 10:30 –ին , տեղի ունեցաւ « Գարնանային Հանդիպում մը «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս, ձեռնարկի նպատակն էր ոչ միայն նիւթական այլ բարոյական որակ մը ներկայացնել շրջանի ընկերուհիներուն: Վարչութեան ընկերուհիները լծուեցան աշխատանքի, ճշդեցին օրուան ճաշը, եւ գեղարուեստական յայտագիրը: Որոշուեցաւ հրաւիրել ընկերուհի Մարլէն Տանակէօզեանը, որ յատուկ շնորհներ ունի ծաղկաշինութեան եւ յարդարումի մարզերուն մէջ: Ան…

Read more
Ճաշի Պազար

18 Փետրուար 2012-ին առաւօտեան ժամը 10-ին , «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի տարեկան ճաշի Պազարը, որ ամէն տարի կը կրկնուի Բարեկենդանի նախօրեակին, Պազարին իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի ընկերուհիներ, հին եւ նոր վարչականներ պատրաստելով այլազան ճաշեր եւ անուշեղէններ, պահելով Բարեկենդանի աւանդութիւնը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Read more
Ֆուլկերոյթ

Երեքշաբթի 24 Յունուար 2012-ի առաւօտեան ժամը 10-ին , տեղի ունեցաւ «Ֆուլկերոյթի» ընկերային հանդիպում մը «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ներս ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհի Ցոլինէ Խաչատուրեանի: Մթնոլորտը ուրախ էր, ներկաները պատրաստուած համեղ «Ֆուլը» ճաշակեցին եւ հետեւեցան Հոգեբան Լուիզա Պապոյեան - Ազեզեանի շինիչ դասախօսութեան: Աւարտին գնահատական խօսքերով մեկնեցան սրահէն:

Read more
Աւանդական ճաշի Տոհմիկ օր

22 Հոկտեմբեր 2011-ին, «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ քաղաքապետութեան եւ Շրջանային վարչութեան կազմակերպած « Աւանդական ճաշի տոհմիկ օրուան»: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հրապարակը հաճելի եռուզեր մը կար,որ ստեղծեց տօնական օրերու մթնոլորտ եւ անգամ մը եւս փաստեց Լիբանանահայութեան շինարար գոյութիւնը:

Read more
Դաշտագնացութիւն

«Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն դէպի «Զղարթա» «Էհտէն»: Վարչութիւնը նկատի ունեցած էր պտոյտը յաջողցնելու բոլոր միջոցառումները, ապահովելով հանգստաւէտ փոխադրակարքեր եւ պատրաստած, պտոյտին որոշուած սրբավայրերու պատմականը ներկայացնող թերթիկներ: Երեքշաբթի 6 Սեպտեմբեր 2011-ին առաւօտեան ժամը 7:30-ին ընկերուհիները հաւաքուած էին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբ ուղղուելու դէպի «Պաթրուն», ուր այցելեցին չորս…

Read more
ԼՕԽ-Ի Ա. ՓԱՓԱԶԵԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

ԼՕԽ-ի Աղաւնի Փափազեան մասնաճիւղը (Զալքա) չորեքշաբթի, 9 փետրուար 2011-ին կազմակերպած էր ընկերային հանդիպում մը Գարեգին Նժդեհ ակումբին մէջ` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, շրջանի ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան դասախօս բժշկուհի Սիրուն Վարդապետեան, նախ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր այն նորագիրներուն, որոնք 5 փետրուարին կատարած…

Read more
L0Խ-ի « Աղաւնի Փափազեան » Մասնաճիւղի 30 Ամեակ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Զալքայի ԼՕԽ-ի « Աղաւնի Փափազեան » մասնաճիւղի Վարչութիւնը երեքշաբթի, 2 Փետրուար 2010-ին, կէսօրուան ժամը 11-ին «Ասիատ » ճաշարանին մէջ նշեց մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30 Ամեակը: « Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի ատենապետ Արաքսի Գըլըճեան խօսք առնելով ըսաւ, որ երազի արագութեամբ սահող եւ իրենց մէջ ուրախութեան, դժուարութեան, գոհունակութեան եւ նորանոր մարտահրաւէրներու պահեր պարունակող այդ 30…

Read more