Տարեշրջանի առաջին ձեռնարկը

This page is not yet available in this language.

Երեքշաբթի,  27  հոկտեմբեր  2012-ին,  ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի աւելի քան ութսուն անդամներու,  «Գարեգին  Նժդեհ»  ակումբին  մէջ  տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան»  մասնաճիւղին նոր տարեշրջանի առաջին  ձեռնարկը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի  Շրջանային  վարչութեան ներկայացուցիչ Ազատուհի  Սարգիսեանի:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը  կատարեց վարչութեան ատենապետուհի Արաքսի Գըլըճեան: Ան բարի  գալուստ մաղթեց ներկաներուն` հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով վարչութեան  յառաջիկայ գործունէութեան մասին: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի Մարլէն  Տանակէօզեանը, որ ներկայացնէ Լիբանանի  «Ոսկէ աշուն»-ը: Մ. Տանակէօզեան շատ հաղորդական ձեւով տեղեկութիւններ տուաւ բոյսերու մշակման, առողջ  պահպանման ձեւերու եւ հնարքներու  մասին:

Ան իր խօսքի աւարտին վարչութեան նուիրեց իր պատրաստած յատուկ ձեւաւորումի   «արանժըման»-ը,  որ վիճակաձգութեամբ  տրուեցաւ օրուան բախտաւորին: