Դաշտագնացութիւն

This page is not yet available in this language.

«Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն դէպի «Զղարթա» «Էհտէն»: Վարչութիւնը նկատի ունեցած էր պտոյտը յաջողցնելու բոլոր միջոցառումները, ապահովելով հանգստաւէտ փոխադրակարքեր եւ պատրաստած, պտոյտին որոշուած սրբավայրերու պատմականը ներկայացնող թերթիկներ:

Երեքշաբթի 6 Սեպտեմբեր 2011-ին առաւօտեան ժամը 7:30-ին ընկերուհիները հաւաքուած էին, «Գարեգին Նժդեհ» ակումբ ուղղուելու դէպի «Պաթրուն», ուր այցելեցին չորս պատմական եւ հնադարեան Եկեղեցիներ, շարունակելով դէպի «Էհտէն» այցելեցին «Սէյիտէդ էլ հուսըն» ապա «Զղարթայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ , ճաշի ընթացքին անցուցին ուրախ ժամեր վայելելով գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, երգ, ասմունք եւ հայկական պար, որմէ ետք, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

Սրբավայրերու խորհուրդով եւ հայկական գեղարուեստով լեցուած , երեկոյեան ժամը 6-ին վերադարձան Պէյրութ, հաւատալով , որ նման պտոյտներ կը հարստացնեն հոգիները եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, մէկտեղուելով կը վերանորոգեն իրենց կորովը ու յաւելեալ նախանձախնդրութեամբ կը շարունակեն իրենց երթը: