ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներու նուիրուած երախտագիտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էր Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը եւ ԼՕԽ-ի կամաւոր ծառայողներ:
ՀՕՄ-ի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մաթիլտա Պասմաճեան: Ան նշեց, որ կամաւորը եւ ԼՕԽ-ականը անսակարկ, անձնուրաց եւ անվերապահ հաւատքով ազգին ու կարիքաւորին ձեռք երկարող պահապան հրեշտակն է: Ապա ան սահմանեց կամաւոր բառը եւ ըսաւ, որ կամաւորի գաղափարը հայութեան համար խորթ չէ` մատնանշելով, որ հայութեան բոլոր պայքարները յաջողեցան առաւելաբար կամաւորներու ճիգով: Այսօրուան կեանքի դժուար պայմաններուն դիմաց կամաւոր գործունէութիւնը կու գայ մեղմացնելու բոլոր պարագաներուն ստեղծուած ճնշուածութիւնը: Ան ըսաւ, որ ԼՕԽ-ը իր փայլուն աշխատանքով յառաջիկայ տարի կը դառնայ 90 տարեկան: Այսօր իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի պարտականութիւնն է պատրաստել իրեն նման կամաւոր երիտասարդուհի մը, որպէսզի կարենանք յաւերժացնել ԼՕԽ-ականի մեր առաքելութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհի Նայիրի Ղազարեան թաւջութակով հայկական եւ միջազգային ճոխ եղանակներ մատուցեց ներկաներուն:
Օրուան պատգամը ուղղեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ 2001 թուականին Կամաւորներու օրուան հաստատումը ուշացած որոշում մըն էր, որովհետեւ ԼՕԽ-ը 89 տարիներ առաջ արդէն հաստատած էր այս օրը եւ կը գործէր: Հայր սուրբը անդրադառնալով Կամաւորներու օրուան մատնանշեց, որ իբրեւ քրիստոնեաներ կամաւորութիւնը կրօնական տեսակէտէ մեր կեանքին մէջ առած ենք Քրիստոսէն: Յիսուս Քրիստոս գործեց եւ տուաւ առանց ակնկալութեան: Իսկ ատկէ առաջ իսկական կամաւորութեան տիպարը Ս. Մարիամ Աստուածածինն է: Ան կամաւորաբար ընդունեց ծնիլ Քրիստոսը: Այս կամաւորութիւնը սկիզբ մը եղաւ, սակայն այդ կամաւորութեան զարդարողը Յիսուս Քրիստոսն է: Ան պարտք եւ պարտաւորութիւն սեպեց նշել Կամաւորներու օրը ոչ թէ գնահատելու համար, այլ յիշելու եւ յիշեցնելու համար բոլոր անոնց, որոնք տակաւին չեն վայելած այս առաքելութեան քաղցրութիւնը: Ան ուրախութիւն յայտնեց ի տես փորձառու կամաւորներու ներկայութեան եւ յայտնեց, որ կամաւորութիւնը աստուածահաճոյ գործ է, եւ հոգեւորականները օրինակ կ՛առնեն կամաւորներու կեանքի ուղեգիծէն:
Հայր Անանիան յայտնեց, որ կամաւոր ըլլալ կը նշանակէ ամէն օր շաղախուիլ մարդոց դժուարութիւններուն, հիւանդութիւններուն եւ տառապանքին հետ: Մենք յուսալից ժողովուրդ ենք, որովհետեւ մեր յոյսը դրած ենք միշտ Աստուծոյ վրայ, եւ այդ է մեր գոյատեւման պատճառը: Մենք` բոլորս այսօր դժուարութեանց մէջ ենք, եւ մենք իբրեւ ժողովուրդ չենք գիտեր ընկրկիլ դժուարութեան առջեւ: Ան մտահոգութիւն յայտնեց լիբանանահայութեան գոյատեւման մասին եւ ըսաւ, որ մենք իրարու հետ պէտք է ըլլանք իբրեւ ընտանիք:
Մենք հաւատքի ժողովուրդ ենք: Երբ մեր տղաքը կամաւորաբար գացած են կռուելու, անոնց առաջին գործը նախքան իրենց մայրը համբուրելը եղած է այն, որ անոնք եկեղեցի գացած ու աղօթած են: Երբ ԼՕԽ-ականը ուզած է օգնութիւն կատարել, Աստուծոյ ուժը եւ կարողութիւնը խնդրած է: Երբ մեր զաւակները դպրոց կը ղրկենք, նախ կ՛աղօթենք իրենց համար: Մենք մեր ամբողջ կարողականութիւնը, ուժը եւ հաւատքը Աստուծոյ վրայ պէտք է ձգենք: Ան կոչ ուղղեց ԼՕԽ-ականներուն ոչ մէկ ժամանակ ընկրկելու դժուարութիւններուն դիմաց: Ան ըսաւ, որ ԼՕԽ-ականը նիւթականէն աւելի ժպիտ պէտք է հայթայթէ, ձեռք երկարէ:
Հայր Անանիան ուրախութիւն յայտնեց ի տես կամաւորներուն քաղցր ժպիտը եւ ներկայութիւնը: Ան ըսաւ, որ ԼՕԽ-ի կամաւոր փաղանգը տակաւին պատրաստ է ծառայութեան, որուն համար ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դերը անուրանալի է: Ան կարեւոր սրբութիւն սեպեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, որովհետեւ միշտ բոլորին ` կարօտեալին, զրկեալին, աշակերտին, հիւանդին հետ են: Ան իր խօսքը եզրափակեց եւ մաղթեց, որ բոլորս իբրեւ ՄԵՆՔ աշխատինք եւ ըլլանք այն հայելին, որ ուրիշ մարդիկ ալ ներգրաւուին: Ան շնորհաւորեց Կամաւորներուն օրը եւ մաղթեց, որ անոնք միշտ ժպիտ սփռեն մեր ժողովուրդին:
Աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան յուշանուէր մը յանձնեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին: