News & Events

Ազգէն ծնաւ, Ազգին համար ծնաւ եւ ազգով մեծցաւ
Խորէն քահանայ Հապէշեան

Աշունի թաց օր մը, մեր լեռնաշխարհէն մենաւոր կռունկ մը ճամբայ ելաւ, իր մէջ բանտած հայ ժողովուրդի բողոքի եւ ցասման կանչերը եւ ծով կարիքներուն ահաւոր կրակը: Ան կտրեց անցաւ ցամաքամասը եւ ովկիանոսներ, ու վերջապէս օր մը՝ 1910 թուին, հանգչեցաւ Միացեալ նահանգներու արեւելեան ծայրամասին՝ Նիւ Եորքի քարափին: Կռունկներ, ընդունուած օրէնքով, թարգմանը կ’ըլլան պանդուխտներուն, սակայն այս Հայաշխարհիկ կռունկին դերը շրջուած էր: Ան կուգար Հայրենիքէն եւ այդ դժբախտ երկրի զաւակներուն օգնութեան ճիչերը կը բերէր արտերկրի պանդուխտ հարազատներուն: Այդ տարօրինակ կռունկը, Էտկար Ակնունին էր, Գողթան գաւառի աննման զաւակ՝ Խաչատուր Մալումեանը: Ան չեկաւ բախտ որոնելու, այլ մեծ տեսիլքէ մը թելադրուած եկաւ այս հիւրընկալ երկրի մեր հարազատներուն հոգին ջերմացնելու՝ իր բահին եւ գաղափարին հզօրութեան: Շրջեցաւ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին, բախեց իր ազգակիցներուն սրտերը, արեւով ու սիրով լեցուց զանոնք, նոյնացուց, ի մասնաւորի, մեր մայրերն ու քոյրերը եւ անոնցմէ կազմեց այն կանացի հսկայ կազմակերպութիւնը, որ այսօր Հ.Օ.Մ. կը կոչուի:    

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ Ժողովուրդներու պատմութեանց մէջ դէպքերն ու երեւոյթները ծնունդ կ’առնեն ժողովուրդի պահանջէն ու կարիքէն, պատմութեան կ’անցնին յատկանշուած թուականներով ու կը մնան դրոշմուած յաջորդող սերունդներու մտքերուն մէջ։ Ժողովուրդի պահանջէն ծնած նման երեւոյթներ՝ մասնաւորաբար սփիւռքահայութեան համար եղած են անկիւնադարձներ, որովհետեւ Սփիւռքը հայ պահելու աշխատանքին ոչ միայն նպաստած են այլ անոր գոյատեւումը ապահովող ազդակներէն մէկը եղած են։ Հայ Օգնութեան Միութիւնը սփիւռքահայ մեր իրականութեան կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է, որովհետեւ անոր ծնունդը անքակտելիօրէն կապուած է մեր ազգային գոյութեան պայքարին՝ ազգային յեղափոխական պայքարին։ Ան գոյութիւն ունեցած է շատ կանուխէն՝ իր հիմնադրութիւնը յատկանշող թուականէն շատ առաջ, ազգային գոյատեւման պայքարի օրերուն իսկ՝ որպէս հայ յեղափոխական պայքարին օժանդակող փոքր բջիջներ, հայրենի հողերուն վրայ թէ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ։ Հ.Օ.Մ.ի օգնութիւնը չէ սահմանափակուած հայ մարդու ֆիզիքական առողջ պահպանումին ու անոր ընկերային վիճակի բարելաւման, այլ մանաւանդ հայ լեզուի պահպանման, տարածման ու յարատեւման աշխատանքին։ Հիւանդի օգնութեան, պատերազմի զինուորի օժանդակութեան կողքին ան հիմնած է հայ դպրոցը հայ մշակոյթի տունը ու մանաւանդ հայ մանկապարտէզը։ Նիւ Եորքի մէջ 1910, Յունուար 1-ին հիմնուած Հայ Կարմիր Խաչ անուան տակ, նորահաստատ միութիւնը իր անդրանիկ պատգամաւորական ժողովը գումարեց 33 մասնաճիւղերէ ընտրուած պատգամաւորներով 30 Մայիս 1915-ին, Մեսեչուսէց նահանգի մայրաքաղաք՝ Պոսթընի մէջ։ Հայաստանի անկախացումով, 1921-ի Մարտին, միութիւնը իր ներկայացուցիչներով յանձինս ընկերուհի Հեղուշ Փափազեանի, կը մասնակցի Զուիցերիոյ մէջ գումարուած Միջազգային Կարմիր Խաչի 10-րդ Պատգամաւորական Ժողովին, իբրեւ լիիրաւ անդամ։ Մինչեւ 26 Փետրուար 1948, միութիւնը գործեց Armenian Relief Corps անուան տակ, որմէ ետք ան պաշտօնապէս գրանցուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսէց նահանգին մէջ, իր ներկայ անունով.- Armenian Relief Society, Inc.- Հայ Օգնութեան Միութիւն։ 1915-ի թրքական ցեղասպանութեան գործողութիւններու պատճառով ցիրուցան եղած հայ ժողովուրդին ստեղծած Սփիւռքը մղեց հայ Օգնութեան Միութիւնը որ տարածուի աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ստեղծելով մասնաճիւղեր։ Միութեան բազմաչարչար, ակամայ Սփիւռք դարձած հայ ժողովուրդի բեկորները։ Այսօր, 27 երկիրներու մէջ գործող իր միաւորներով եւ հազարաւոր անդամներով, իբրեւ անկախ, ոչ կառավարական եւ մարդասիրական միութիւն, ՀՕՄը կը հասնի, առանց դաւանական եւ կուսակցական խտրութեան, հայ ժողովուրդի ֆիզիքական, ընկերային եւ մշակութային կարիքներուն։  

ՀՕՄ-ի 12 միաւորներն են.- Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ , Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ, Հայաստանի Հայ Օգնութեան Խաչ- Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչ, Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն, Պուլկարիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն, Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւն, ԱՄՆ ՀՕՄ-ի Արեւելեան Շրջան, Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչ, Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄ, Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ Հայ Գթութեան Խաչ, ԱՄՆ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջան   Մեկուսի 16 մասնաճիւղերն են.- Ամմանի ՀՕՄ – Արցախ ՀՕՄ – Գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչ – Գերմանիոյ ՀՕՄ- ՀայՖայի (Իսրայէլ) ՀՕՄ – Յոպպէյի (Իսրայէլ) ՀՕՄ- Երուսաղէմ (Իսրայէլ) ՀՕՄ- Քուէյթի ՀՕՄ – Մոսկուայի (Ռուսաստան) ՀՕՄ- Կիպրոսի ՀՕՄ- Սթոքհոլմի ՀՕՄ (Ուփսալայի ընկերուհիններուն հետ)- Թաւրիզի (Պարսկաստան) ՀՕՄ- Ուրմիոյ (Պարսկաստան) ՀՕՄ – Մեծն Բրիտանիոյ ՀՕՄ – Ջաւախքի ՀՕՄ- Զուիցերիոյ ՀՕՄ- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ՀՕՄ- Վասթերոսի ՀՕՄ

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases