News & Events

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Դասախօսեց «Երակներու ընդլայնում» (varice)» Նիւթը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին Չորեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ դասախօսութեանց Բ. շարքին:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան նշեց, որ Լիբանան երկիրը անդամալուծուած է, եւ այդ պատճառով ԼՕԽ-ի գործունէութիւնները ժամանակաւորապէս սառեցուած էին: Առողջապահական յանձնախումբը, խորհրդակցաբար ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հետ, որոշեց յուսադրիչ քայլ մը առնել եւ կազմակերպել դասախօսական երկրորդ շարքը: Յանձնախումբը իր ստեղծման օրէն, հաւատարիմ իր առաքելութեան, միշտ առաջնահերթ նկատած է լիբանանահայ գաղութին ընկերային ու առողջապահական կարիքներուն հասնիլ եւ յատկապէս հայ իգական սեռը զինել առողջ ապրելակերպի գիտակցութեամբ:

Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան յայտնեց, որ երկար եւ առողջ ապրելու համար պէտք է առողջապահական գիտելիքներով զօրանանք: Ապա անդրադարձաւ օրուան նիւթին` «Երակներու ընդլայնում» (varice), եւ ըսաւ, որ անիկա ընդհանրապէս իգական սեռը կը հարուածէ եւ երակներու լայնացումն է կամ լայներակութիւն: Դասախօսութեան ընթացքին պիտի ներկայացուի, թէ ի՛նչ նախազգուշական քայլեր պէտք է առնել` կանխելու համար այս հիւանդութիւնը: Ապա ան հրաւիրեց ընդհանուր մարմինի բժիշկ Կարապետ Չպուքճեանը` ներկայացնելու նիւթը:

Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան իր դասախօսութեան սկիզբը նախ խօսեցաւ երակներու կազմուածքին մասին: Ան նշեց, որ զարկերակը հարուստ է թթուածինով, վիթամիններով եւ զանոնք կը բաժնէ ամբողջ մարմինին` սիրտին միջոցով, իսկ երակները այն խողովակներն են, որոնք հարուստ են ածխաթթուով, եւ ախտերը կ՛երթան տարբեր շրջաններ եւ կը զտուին դարձեալ սրտին միջոցով: Երակներուն մասին խօսելով ան ըսաւ, որ միայն ոտքերուն մէջ փականներ կան, եւ արիւնը կը բարձրանայ փականէն դէպի վեր: Երբ այս փականները հիւանդանան, կը թուլնան, եւ արիւնը փոխանակ վեր ելլելու կը հաւաքուի վարը:

Ան անդրադարձաւ այն գործօններուն, որոնք երակներու լայնացում կը պատճառեն: Առաջին` անոնք, որոնք շատ եւ երկար ատեն ոտքի կ՛աշխատին, կամ անոնք, որոնք նստակեաց են, երկրորդ` չափազանց գիրութիւնը, երրորդ` տարիքի բերումով երակներու յոգնութիւնը, չորրորդ` անոնք, որոնք հորմոններով կը բուժուին, հինգերորդ` յղիութեան կանխարգիլման դեղահատեր կը գործածեն, վեցերորդ` անոնք, որոնք երկար ժամեր գործողութիւններու կ՛ենթարկուին, եօթներորդ` անոնք, որոնք ժառանգական արեան մակարդելիութիւնը ունին:

Ապա ան ըսաւ, որ երակներու լայնացումը հինգ կարեւոր շրջաններէ կ՛անցնի` սփայտըր, վարիս, ուռիլ, մորթի գոյնի փոփոխութիւն, վէրքեր կը բացուին: Ասոնք կապ ունին անհատին կեանքի ապրելակերպին եւ չբուժուելուն հետ: Սփայտըրը սարդի ձեւով է եւ յառաջ կու գայ ժառանգական գիրութեան եւ յղութեան պատճառով: Անոնք մազանօթները կը հարուածեն, եւ ենթական ցաւ չի զգար: Ասոր բուժումը կ՛ըլլայ դեղահատերով, քսուկներով կամ սքերոթերափիով (ասեղով բուժում): Սակայն կրնան նաեւ ուրիշ երակներ վնասուիլ, եթէ նստակեաց կեանք ունինք: Այս հիւանդութիւնը կանխելու համար չափէն աւելի բարձր կրունկով կօշիկ պէտք չէ հագուիլ, տաքութենէ հեռու մնալ, ոտքերը բարձր ձգել, աշխուժ կեանք ունենալ եւ մարզանք ընել: Երկրորդ շրջանի` վարիսի պարագային երակը իր ձեւը կը փոխէ, արիւնը կը կարծրանայ: Ասոր պարագային մկանները կը քաշուին, երակները կ՛երեւին, այրուածքը ցայտուն կ՛ըլլայ, եւ անհատը ծանրութիւն կը զգայ: Ասոր բուժումը լէյզըրով կ՛ըլլայ, սքերոթերափի, ֆելեքթոնի, քոմփրեշըն թերափի, վարիսի գուլպայի կամ գործողութեան ճամբով: Վերջին փուլին վէրքերը կրնան ինֆեքշըն պատճառել եւ ուրիշ հետեւանքներ ունենալ:

Ան նշեց, որ նախընտրելի է տարին անգամ մը այցելել բժիշկին եւ մարզանքներ ընել: Ան ըսաւ, որ նստած ժամանակ երկար ատեն ոտք-ոտքի պէտք չէ դնել, որովհետեւ երակները կը պատռուին: Վառարանին քով շատ պէտք չէ նստիլ: Կշիռքին ուշադրութիւն ընել: Մենոփոզի ատեն գործածուող դեղերուն ուշադրութիւն պէտք է դարձնել: Չծխել եւ աղի գործածութիւնը նուազեցնել:

Դասախօսութեան վերջին բաժինով ան խօսեցաւ ներքին վարիսի կաթուածի մասին եւ յայտնեց, որ ասոր պատճառները ներքին երակներու հիւանդութիւնները կամ վիրաբուժական գործողութիւնն են:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօս բժիշկին:

Այնուհետեւ տոքթ. Ալինա Քէշիշեան հակիրճ կերպով ներկայացուց քանի մը հիւանդութիւններու նախազգուշութեան մասին` նկատի ունենալով, որ դեկտեմբերին կը զուգադիպի ՍԻՏԱ-ի միջազգային օրը:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases