News & Events

Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը Ներկայացուց «Մորթի Տարիքային Փոփոխութիւններ» Նիւթը

Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին չորրորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Մորթի տարիքային փոփոխութիւններ»:

Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, Լ.Օ.Խ.-ի Շրջանային Վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի բացման խօսքէն ետք ,Տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանը իր դասախօսութիւնը սկիզբը ըսաւ, որ երբ խօսինք տարիքի եւ մորթի մասին, կարծէք` պատերազմի մէջ ենք տարիքի յառաջացման գաղափարին հետ: Այս մտածողութիւնը հին մտածողութիւն է եւ պէտք է փոփոխութեան ենթարկենք զայն: Մենք պէտք է աշխատինք լաւ ապրելու յոյսով: Ապա լուսանկարներու ճամբով բժիշկը ներկայացուց տարիքային փուլերը: Բոլորս տարիքով պիտի ծերանանք, միաժամանակ մորթն ալ պիտի ծերանայ: Դասախօսը պատկերաւոր ձեւով ներկայացուց մորթին երկրաչափական շէնքի մը նմանողութեամբ կառոյցը: Ան ըսաւ, որ շէնքին մէջ յարկաբաժիններ կան, ելեկտրական թելեր, ջուր կը հասնին շէնքին: Այս շէնքին վերի մասը մեր մորթն է, որ յստակօրէն կը տեսնենք: Մորթին տակ երակներ կան (քոլաժեն), որոնք ջուր, ելեկտրականութիւն կը հասցնեն վերի յարկը: Վարը` գետնայարկը` իւղը (ճարպը), որ ամուր կը պահէ շէնքը: Իսկ շէնքին տակ, այսինքն մորթին տակ ոսկորներ կան: Ամէն մէկ յարկը կը փոխուի` համաձայն տարիքի եւ ժամանակի:

Ապա ան խօսեցաւ կնճիռներուն մասին եւ ըսաւ, որ անոնք երկու տեսակ կ՛ըլլան` տինամիք գիծեր եւ սթաթիք գիծեր: Տինամիք գիծերը առնչութիւն ունին մեր շարժումներուն հետ, իսկ սթաթիք գիծերը կը յայտնաբերուին առանց շարժումի:

Կնճիռի յայտնաբերումով կը փոխուի ոսկորներուն եւ ճարպին վիճակը: Փոփոխութիւնները վտանգաւոր չեն: Ծոծրակին վրայ յայտնաբերուած գիծերը բնական են: Ամէն ինչ, որ նոր կ՛երեւի մորթին վրայ, չի նշանակեր, որ քաղցկեղ հիւանդութեան ախտանշան է: Մորթային բոլոր փոփոխութիւնները լաւ են եւ հետեւանք` տարիքի յառաջացման: Միայն բժիշկն է, որ կը կատարէ անոր ախտաճանաչումը: Երկար արեւի տակ մնալու կամ ծխախոտի երկարատեւ գործածութեան պատճառով աչքին շուրջ փոքր տոպրակներ կը յառաջանան: Մորթը ժամանակի ընթացքին կը բարակնայ, շուտ կը վիրաւորուի, երբեմն կը կապտի տղամարդոց կամ կիներու մօտ: Քիմիական նիւթեր կան մարմնին մէջ, որոնք կը բարակցնեն մորթը: Տոքթ. Էլիոն յայտնեց, որ պէտք է զգուշ ըլլանք մորթին վրայ տեսնուած կարմիր նշաններէն (Red flags): Այս պարագային, պէտք է մորթի բժիշկի դիմել, մանաւանդ երբ այդ նշանները յանկարծ յայտնուած են, քերուըտուք պատճառած են, անոնք սիմեթրիք չեն, երբ` արագ կը սեւնան եւ կը մեծնան: Այս պարագային, բժիշկը նկար կը պահանջէ բուժելու համար այդ վէրքը:

Ինչո՞ւ մորթային այս փոփոխութիւնները կը յառաջանան.

Ա.- Տարիքային յառաջացումը, որ ներքին փոփոխութեան հետեւանք է: Ժառանգականութեամբ մեր մարմինը ծիներ կը կորսնցնէ: Գիտնականները ներկայիս կը փորձեն ուշացնել այս երեւոյթը:

Բ.- Արտաքին ազդակներու պատճառով եղած փոփոխութիւնները, ինչպէս` արեւը, ծխախոտը, բարձր տաքութիւնը, սննդականոնը, ընկճախտը, քունը եւ ապականումը:

Ան յայտնեց, որ արեւին ճառագայթները շատ վնասակար են մորթին համար եւ շուտ կ՛այրեն մորթը: Ըստ հետազօտութեանց, Միացեալ Նահանգներու մէջ արհեստական արեւային ճառագայթը (solarium) աւելի կանուխ քաղցկեղի հիւանդութեան պատճառ հանդիսացող ազդակ է: Ծխախոտը կ՛աւելցնէ դէմքին կնճիռները, կը սեւնան աչքերը, շուրթերը կը պզտիկնան: Տաքութիւնը նաեւ կ՛արագացնէ մորթին կնճիռներու յառաջացումը: Սննդականոնը իր օգտակարութիւնը ունի նաեւ մորթին համար, որուն բացակայութեան մորթի կնճիռներու յառաջացումը անխուսափելի է: Քունը շատ կարեւոր է: Ամէն անհատ օրական 6-8 ժամ պէտք է քնանայ: Օդի ապականումը ահազանգ է ներկայիս Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան (W.H.O.) եւ իր գլխաւոր օրակարգերէն մէկը եղած է:

Ապա դասախօսը շեշտեց, որ այս եօթը ազդակներէն պէտք է հեռու մնալ: Կարելի է քսուկներ գործածել առտու եւ իրիկուն, որոնք կը պարունակեն կենսանիւթ Սի: Յատուկ օճառներ գործածել եւ ասիտիա իւրոնիք, որ կը խոնաւցնէ մորթը: Շատ կարեւոր է արեւի ենթարկուելէ ետք յատուկ քսուկներ գործածել:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, ապա առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս տոքթ. Էլիօ Քէշիշեանին: Աւարտին, «Լ՛օրէալ» գեղեցկագիտական հաստատութեան կողմէ քսուկներ բաժնուեցան ներկաներուն:

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases