Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանային վարչութիւնը կու գայ ջերմօրէն շնորհաւորելու «Ազդակ» օրաթերթի 95-ամեակը` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ:
«Ազդակ»-ը հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր եղած է ու կը մնայ Լիբանանի, սփիւռքի, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն շաղկապը:
Այս առիթով ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ օրաթերթի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան տարած բոլոր աշխատանքներուն, թերթին մէջ տրամադրելով ԼՕԽ-ի էջը, ըլլայ այդ տպագիր կամ առցանց` Դիմատետրի վրայ:
Սիրելինե՛ր,
«Միութիւնը զօրութիւն է», նշանաբանով դարձեալ կը շնորհաւորենք մեր երկարամեայ վաստակը` յուսալով, որ օրաթերթին բեղմնաւոր գործունէութիւնը կը շարունակուի նոր ձեռքբերումներով ի շահ հայ ժողովուրդին:
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ