News & Events

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Երկուշաբթի, 30 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն մը տուաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր զինք դիմաւորեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, պատկան մարմիններ եւ ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը:

Կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ վեհափառ հայրապետին հետ մտերմիկ հանդիպումը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Ան ըսաւ, որ 90-ամեայ ԼՕԽ-ը բախտը ունեցած է վայելելու վեհափառ հայրապետին հոգածութիւնը մանաւանդ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, իսկ ներկայիս Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմաններուն դարձեալ իր հոգածութիւնը կը վայելէ: Ան վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը նկատեց լուսապայծառ ու խթանիչ` թափով եւ կորովով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը: Սիլվա Սապունճեան ԼՕԽ-ի անունով յուշանուէր մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին:

Հուսկ հայրական պատգամ ուղղեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան նախ իր գնահատանքը արտայայտեց բարեսիրական հաստատութիւններուն եւ ի մասնաւորի ԼՕԽ-ի մէջ կատարուող հսկայածաւալ ծառայութեան: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամային վիճակին եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց այս կեդրոնին եւ բոլոր բարեսիրական միութիւններուն մէջ կատարուող մարդասիրական օժանդակութեան: Ան այս այցելութեան առիթով նաեւ նիւթապէս օժանդակեց կարիքաւոր ընտանիքներուն:

 

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases