Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու պատմականը բովանդակող «Մեր պատմութիւնը» հատորին գինեձօնը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան: Ան յայտնեց, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատմութիւնը կը համընկնի լիբանանահայութեան գոյութեան եւ կազմաւորման հետ: Այս պատմութիւնը բնորոշող գիրքին գինեձօնը պիտի իրագործենք միասնաբար: «Մեր պատմութիւնը» ուսումնասիրութիւնը ունի գիտական ու քաղաքական մեծ կարեւորութիւն եւ այժմէականութիւն: Ապա Սիլվա Սապունճեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս գիրքի հրատարակութեան սատարող մեկենասներուն եւ անոնց ժառանգներուն ու բոլոր խաչուհիներուն, որոնք 89 տարիներէ ի վեր իրենց անսակարկ ծառայութիւնը մատուցած են լիբանանահայութեան պատմութեան ամէնէն հանգուցային շրջաններէն մինչեւ այսօր:
Գինեձօնին առաջին խօսք առնողը եղաւ Սօսէ Ճինպաշեան: Ան նախ խօսեցաւ այս հատորին հրատարակութեան դրդապատճառներուն մասին: Սօսէ Ճինպաշեան ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ի կազմակերպչական յանձնախումբը նախաձեռնեց այս աշխատանքին, որովհետեւ մասնաճիւղերը կարեւոր գործ կը կատարեն: Անոնք ժողովուրդին մօտիկ եւ անոնց կարիքներուն քաջածանօթ են: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ականները անձնազոհ, լրջախոհ, բարեհամբոյր անձեր են: Եսակեդրոն անձ մը չի կրնար զոհաբերութիւն ցուցաբերել:
Ապա Սօսէ Ճինպաշեան անդրադարձաւ Հայաստանի թէ Լիբանանի մէջ մասնաճիւղի մը նախաձեռնող խումբի աշխատանքին, եւ մասնաւորաբար շեշտեց, որ ոեւէ հայ կին չի կրնար ԼՕԽ-ական ըլլալ: Ժողովուրդը պէտք է գնահատէ ԼՕԽ-ի անդամները, որովհետեւ անոնք իրենց անձէն դուրս ելլելով աշխատանք կը տանին բոլոր կարիքաւորներուն պէտքերը հոգալու: Ան յայտնեց, որ գիրքին մէջ տեղ գտած մասնաճիւղերու գործունէութիւնները կը զանազանուին: Ամէն շրջան իր մարտահրաւէրը ունեցած է, պահանջները ունեցած է: Իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի կեանքը պատմութիւնն է մեր գաղութին: Մասնաճիւղերը այլ կարեւոր աշխատանք ալ կը կատարեն` համաձայն շրջանի կարիքին` կրթաթոշակ, հագուստ, ուտեստեղէն: Ասիկա կ՛իրագործուի զանազան ձեռնարկներ կազմակերպելով եւ հովանաւոր նուիրատուներ ապահովելով: Այս պատմութիւնը պէտք է սեփականութիւնը դառնայ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի, որպէսզի վերջինս այդ աւիշը ստանայ եւ նոր եռանդով քալէ առաջ: ԼՕԽ-ի պատմութեան պատրաստութեան մէջ այս գրքոյկը օգտակար պիտի ըլլայ հետազօտողներուն: Ան յայտնեց, որ գիրքի մեկենասները անմիջապէս ընդառաջեցին այս հատորին հրատարակութեան: Անոնք գաղութին մէջ վաստակ ունեցող անձեր են: Ապա Սօսէ Ճինպաշեան թուեց մեկենասներն ու անոնց ներդրումը գաղութին մէջ. Անժէլ Սապունճեան` ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի վաստակաւոր անդամ եւ «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադիր, Լիւսի Գրիգորեան` Թրիփոլիի մէջ մեծ ներդրում ունեցած եւ ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին մէջ նուիրեալ աշխատանք տարած, Բեքա Գլընճեան` Մարաշի շրջանի բոլոր աղքատներուն բարերարն է, «Աշխէն» մասնաճիւղի կարկառուն աշխատող, «Նայիրի» մասնաճիւղի հիմնադիր, Սիրարփի Ճէրէճեան` վաստակաւոր անդամ, Պոսնոյեան մեծ ներդրում ունեցած է, ան օգնած է ծերերուն եւ Ձեռարուեստի յանձնախումբի տիտաններէն մէկը եղած է շնորհիւ իր խանդին:
Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիգի Թորիկեանին եւ Մակի Խաչերեանին` իրենց անմնացորդ աշխատանքին եւ հատորին մէջ ճշգրտութիւնները կատարելու համար: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մակի Խաչերեանին, որ վերախմբագրեց «Մեր պատմութիւնը» գիրքը: Սօսէ Ճինպաշեան նշեց, որ գիրքին կողքը խորհրդանշական է: Անոր վրայ պատկերուած նուռերը ԼՕԽ-ի յանձնախումբերն են, իսկ թռչունները` 26 մասնաճիւղերը: Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց բոլոր ԼՕԽ-ականներուն միութենական հաւատքով եւ քաջութեամբ զինուած աշխատելու, որպէսզի ԼՕԽ-ը իր բարձրութեան վրայ մնայ` դառնալու համար մեր սփիւռքահայ գոյութեան գլխաւոր սիւներէն մէկը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ «Մեր պատմութիւնը» գիրքի խմբագիր Մակի Խաչերեան: Ան յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի 90-ամեակի սեմին, ԼՕԽ-ի 100-ամեայ գործունէութիւնը (ծառայութիւնը) լիբանանահայութեան թէ համայն հայութեան ներկայացնելու առաջին քայլը արդէն իրագործած ենք` մասնաճիւղերու պատմութիւնը ներկայացնող «Մեր պատմութիւնը» գիրքին հրատարակութեամբ, նպատակ ունենալով նորահաս սերունդին փոխանցել անցեալի փորձառութիւնն ու իրագործումները: Ան մէջբերեց ափրիկեցի ժողովուրդին ազատագրումին համար պայքարած ընկերային մեծ գործիչ Մարքուս Քարվիի խօսքը. «Ժողովուրդ մը, որ իր անցեալի պատմութեան, ծագումին եւ մշակոյթին ծանօթութիւնը չունի, կը նմանի ծառի մը, որ արմատ չունի»: Այս գիրքին նախաձեռնութեան եւ նպատակին լաւագոյնս կը համընկնի այս հրատարակութիւնը: Մակի Խաչերեան ապա խօսեցաւ գիրքին բովանդակութեան մասին եւ ըսաւ, թէ անիկա տասը բաժին ունի: Առաջին` մասնաճիւղերու հիմնադրութիւնն է, որ մեր ազգային կազմաւորման մէկ բաժինն է: Ուր որ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղ մը հիմնուած է, անիկա կարիքէ մը բխած է: Մասնաճիւղի մը հիմնադրութեան երբեմն կապուած են հսկայական գործեր, ինչպէս` դպրոցներու հիմնադրութիւն: Երկրորդ` նստավայրերը, որոնք յատուկ տեղ ունին եւ պայմաններու բերումով ապագային փոխուած են: Երրորդ` անդամական վիճակներ, որոնք ելեւէջներ ունեցած են: Չորրորդ` արծուիկներու բաժինը: Սկզբնական շրջանին ԼՕԽ-ը արծուիկներ ունեցած է, եւ հետագային անոնք փոխանցուած են ՀՄԸՄ-ին: Հինգերորդ` յատուկ ձեռնարկութիւններ, ինչպէս` դարմանատուն, ձեռարուեստի կեդրոն եթէ մասնաճիւղը ունի: Վեցերորդ` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն ընթացքին մասնաճիւղերը մեծ աշխատանք կատարած են: Եօթներորդ` ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը, ինչպէս` կրթաթոշակի տրամադրումը, դաստիարակչական եւ որդեգրուած ծերեր: Ութերորդ` նիւթականի ապահովման միջոցներ, իններորդ` ամեակներ, իսկ տասներորդ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռնարկներու մասնակցութիւն:
Մակի Խաչերեան խօսեցաւ նաեւ գիրքին խմբագրական աշխատանքներուն դժուարութեան մասին: Ան նշեց, որ գիրքի հրատարակութեան ուշացումը կը վերաբերի նկարներու պակասին, արխիւներու եւ տուեալներու չգոյութեան, հին սերունդի բացակայութեան: Գիրքին տեղեկութիւններուն վաւերագրական ըլլալու համար անհրաժեշտ էր ճշգրտութիւնը, ինչ որ շատ ժամանակ խլեց:
Իր խօսքի աւարտին Մակի Խաչերեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Անի Փեհլիվանեան- Սարգիսեանին, Մեղրի Շամմասեանին եւ Կարօ Աղազարեանին, որոնք այս կամ այն ձեւով մասնակցեցան հրատարակութեան թեքնիք աշխատանքին: Ան յայտնեց, որ այս հրատարակութիւնը թթխմոր պէտք է դառնայ 100-ամեակի գիրքին նախապատրաստութեան, որուն հրատարակութիւնը յոյսով ենք, որ 2029-ին կը կատարուի:
Տեղի ունեցաւ գիրքին գինիով լուացումը` ձեռամբ Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեանի:
Հուսկ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան իր սրտի խօսքը ուղղեց: Ան նախ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու ԼՕԽ-ի հիմնադիրներու յիշատակը: Հայր սուրբը նշեց, որ ԼՕԽ-ը կը ներկայացնէ լիբանանահայութիւնը եւ անիկա միայն պատմութիւն չէ: Ան անցեալ, ներկայ եւ ապագայ է: Այսօր ԼՕԽ-ը իբրեւ ամուր սիւն կը պահէ լիբանանահայութեան զաւակները: «Բարերար» հասկացողութեան մասին խօսելով հայր սուրբը ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական բարերար է: Ան իր կեանքը կը նուիրէ ազգին, ծերին, մանուկին, կարիքաւորին: Այս գիրքին հրատարակութիւնը պատճառ պիտի հանդիսանայ, որ ԼՕԽ-ը ամուր ու յաւելեալ տեսիլքներով նոր աշխատանքի սկսի: Ամեակները բան չեն ըսեր, որովհետեւ ԼՕԽ-ը ժողովուրդի գնահատանքին պէտք չունի: ԼՕԽ-ի առաքելութիւնը աստուածային առաքելութիւն է: Ան կոչ ուղղեց բոլոր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն եւ պատասխանատուներուն լուսանցքային կերպով չնայելու ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ թիկունք կանգնելու ԼՕԽ-ին: Այս գիրքը առօրեայ աւետարան է, որովհետեւ անոր մէջ կայ առաքելութիւն, զոհողութիւն ու նուիրում: Ան մաղթեց, որ մեր առաքելութիւնը շարունակենք սիրով: Հայր սուրբը շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի 90-ամեակը եւ զայն նկատեց սրբութիւն ու եկեղեցի: Ընտանիք մը, երբ հիմնուած է սիրոյ, յարգանքի եւ զոհողութեան վրայ, ոչ մէկ ժամանակ կը բեկանուի: ԼՕԽ-ը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ պիտի չընկրկի, ընդհակառակն` աւելի առջեւ պիտի երթայ: Հայր սուրբը իր խօսքին վերջին բաժինով նշեց, որ բոլորին ջանքերով միասնաբար բռունցք կազմած ԼՕԽ-ը պիտի բարեզարդուի, մեր ներկայութեամբ եւ գործով պիտի արժեւորենք ԼՕԽ-ի անցեալը, ներկան եւ ապագան` լուսաւորելով անոր առաքելութիւնը: Աստուծմէ մեզի տրուած շնորհը պէտք է ծառայեցնենք ԼՕԽ-ին:
Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեանի պահպանիչ աղօթքով վերջ գտաւ «Մեր պատմութիւնը» գիրքին գինեձօնը: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: