News & Events

ԼՕԽ-Ի «ՌՈՒԲԻՆԱ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 70-ԱՄԵԱԿ

 

Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2018-ին, ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, հիմնադրութեան 70-ամեակը նշուեցաւ, ,White Towerե ճաշարանին մէջ:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Գաթրճեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, որ 70 տարիներ առաջ, նուիրեալ ընկերուհիներու անխոնջ աշխատանքով ու ճիգով հիմնուած «Ռուբինա» մասնաճիւղը գոյատեւեց, կանգուն մնաց եւ իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակեց շնորհիւ իրերայաջորդ վարչութիւններուն եւ անվերապահ ու կամաւոր ընկերուհիներու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներուն եւ բարի երթ մաղթեց «Ռուբինա» մասնաճիւղին:

Ապա Շրջանային վարչութեան Խօսքը փոխանցեց ատենապետ Սիլվա Սապունճեան: Ան ըսաւ, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւնը այսօր գոհունակութեամբ կը դիմաւորէ «Ռուբինա » մասնաճիւղի 70-ամեակը։ Մասնաճիւղերը անժխտելի հիմը կը կազմեն ԼՕԽ-ի լայնածաւալ եւ նուիրական աշխատանքին։ «Ռուբինա» մասնաճիւղը բնական է, որ հանդիպեցաւ զանազան դժուարութիւններու, բայց շնորհիւ իր մեղուաջան գործունէութեան եւ աննկուն կամքին պայքարեցաւ, տոկաց, դիմադրեց, որպէսզի անխախտ պահէ իր տունը, գաղութը եւ իր միջավայրը։ Այս մէկը փաստն է հայ կնոջ նուիրական եւ զօրաւոր կամքին՝ օրինակ դառնալու ապագայ սերունդին։ Կամաւոր աշխատանքը ազնուական առաքելութիւն է, որ կարելի չէ գնահատել արժեչափով, որովհետեւ իւրաքանչիւր իրագործում յաղթանակի համազօր է։ Ան ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անունով գնահատեց «Ռուբինա» մասնաճիւղի 70-ամեայ գործունէութիւնը եւ շնորհաւորեց մասնաճիւղին իւրաքանչիւր անդամուհին, կոչ ուղղելով բոլորուելու մասնաճիւղի վարչութեան շուրջ, զօրավիգ կանգնելով անոր, որպէսզի սատարէ ԼՕԽ-ին նպատակին եւ ինքնաբերաբար իր ազգին։

 Ապա միասնաբար հատեցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան 70-ամեակի կարկանդակը:

 Ձեռնարկի մթնոլորտը խանդավառեց Արարատ Ահարոնեան:

 Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

 

Share:

Tags: Law, Juggement, lawyer, Cases