Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին, նշեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Նայիրի Ընգապապեան իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, անդրադարձաւ շրջանի ԼՕԽ-ի 70-ամեայ գործունէութեան, անխոնջ աշխատանքին, նուիրումին եւ զոհաբերութեան:
Խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւոր ծառայող ընկերուհիներուն, բարերարներուն, քոյր միութիւններուն, շրջանի «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Ապա Շրջանային վարչութեան Խօսքը փոխանցեց ատենապետ Սիլվա Սապունճեան: Ան յայտնեց, թէ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Շուշանիկ» մասնաճիւղը իր 70 տարուան երթը կը շարունակէ շնորհիւ մասնաճիւղի կամաւոր եւ աշխուժ ընկերուհիներուն: Տնտեսական եւ մարդուժի մարտահրաւէրները դիմակալեց համբերութեամբ եւ հաւատքը գործի վերածելով՝ բոլորեց 70 տարիները: Հաւատաց մասնաճիւղի հիմնադիրներուն սուրբ առաքելութեան եւ յառաջացաւ ինքնավստահութեամբ:
Հոգիով ազնուական է այն անձը, որ իր ուրախութիւնը տալու մէջ կը գտնէ: «Ժողովուրդէն ժողովուրդին համար» նշանաբանը բոլոր ԼՕԽ-ականներուն սկզբունքն է, միասնաբա՛ր շարունակենք մեր ազգային պարտականութիւնը ջերմացնելով կարիքաւորներուն հոգիները:
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէ ներկայացուցիչ Մարալ Մխսեան: Ան շնորհաւորեց մասնաճիւղի 70-ամեակը մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որով կը ներկայացուէր մասնաճիւղի 70 տարիներու ժրաջան աշխատանքի ամբողջ պատմութիւնը:
Ապա միասնաբար հատեցին մասնաճիւղի հիմնադրութեան 70-ամեակի կարկանդակը:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեանի ձեռամբ յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան երկարամեայ գործունէութիւն ունեցող ընկերուհիները:
Ձեռնարկի մթնոլորտը խանդավառեց երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: